Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 23, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Մոհամետ Խաուաժա «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Ելեւմուտքի նախարարի աթոռը վճռուեցաւ ի նպաստ շիի երկեակին (Հըզպալլա եւ Ամալ շարժում):

Ան նշեց, որ նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ կառավարութիւնը կը կազմէ «բարդ պայմաններու մէջ եւ մրցանշային արագութեամբ»:

– ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց. «Նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ կառավարութեան կազմութեան իր սեփական, իր յարմար դատածին հիմամբ պատկերացումը ունի, սակայն Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունի իրողութիւն մը, որուն հիմամբ պէտք է իր կառավարութեան մէջ գործէ»:

«Սալամի եւ շիի երկեակին միջեւ ելեւմուտքի նախարարութեան շուրջ փոխհասկացողութիւնը սկիզբէն յստակ էր, եւ այս հարցը գրեթէ վերջնական դարձաւ», նշեց Հաշեմ:

– ՇԻԻ երկեակէն աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին.«Կառավարութեան կազմութեան առնչուող հարցերը ճիշդ ուղղութեամբ կ՛ընթանան, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի շիի երկեակին ու նշանակեալ վարչապետին միջեւ խորհրդակցութիւններուն»:

– ՊԱԱՊՏԱՅԻ պալատի աղբիւրները «Լեպանոն Տիպէյթ»-ին. «Շիի երկեակը կառչած չէ ելեւմուտքի նախարարութեան, սակայն փափաք ունի զայն ստանալու»:

– «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի աշխատած ձեւին նկատմամբ մեծ վրդովմունք կայ քաղաքական բազմաթիւ կողմերու մօտ, մասնաւորաբար սիւննի կողմերու մօտ, որոնք այն կարծիքը ունին, որ ան սկսած է համայնքը իր անձով սահմանափակել:

Պէյրութեան աղբիւրներ «Ախպար»-ին սպրդեցուցած են տեղեկութիւններ, թէ սիւննի կրօնական հեղինակութիւնները վրդոված են Սալամի կողմէ հանրապետութեան միւֆթիին անտեսման համար: Սալամ վերջինիս չէ այցելած, աւելի՛ն, անոնց ականջին հասած է, թէ իր հանդիպումներուն ընթացքին կը խօսի անձնական կարգավիճակի միացեալ օրէնքի եւ կրօնքը պետութենէն բաժնելու խնդիրին մասին:

. ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ կազմութեան ներկայ բանակցութիւններուն առնչակից կողմեր «Ախպար» օրաթերթին նշած են, որ նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի Սահմանադրութեան կիրարկման նկատմամբ տեսակէտը կրնայ դուռ բանալ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ իրաւասութիւններու խնդիրի:

Հաղորդակցութիւններուն ծանօթ աղբիւրներ իրենց կարգին կը նշեն, որ անոր մօտ գոյութիւն ունի կառավարութեան կազմութիւնը կատարուած իրողութեան վերածելու մտադրութիւն մը:

– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին յայտնած են. «Այն, ինչ որ նշանակեալ վարչապետը հանրապետութեան նախագահին բերաւ, գոհացուցիչ չէր, մանաւանդ որ սկսած է տպաւորութիւն գոյանալ, թէ Սալամ կը փորձէ խմբակ մը գոհացնել ի վնաս ուրիշին, եւ ատիկա չի կրնար իրականանալ»:

– ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ հետախուզական աղբիւրներ «Սքայ Նիուզ Արապիա»-ին յայտնած են. «Իրանցի դիւանագէտներ օտար օդանաւային ընկերութիւններ կ՛օգտագործեն Լիբանանի մէջ Հըզպալլային գումարներ փոխանցելու համար»:

Նախորդը

Զուիցերիոյ Խորհրդարանի Վերին Պալատի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Որդեգրած Է Արցախահայերու Վերադարձին Շուրջ Միջազգային Խորհրդաժողով Հրաւիրելու Բանաձեւը

Յաջորդը

Շէյխ Քապալան. «Կառավարութիւնը Իր Կազմութեան Համաձայն Կա՛մ Երկիրը Ազգային Ուժի Կեդրոնը Կը Դնէ, Կա՛մ Ալ Կ՛աւելցնէ Անոր Տկարութիւնն Ու Փխրունութիւնը»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.