Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան նշեց. «Պահանջուածը գոյացնելն է կառավարական ուժ մը, որ կը կատարէ ազգային ընտանիքի յանձնառութիւնները, ինչպէս նաեւ կ՛ապահովէ ազգային միասնականութիւն մը, որ կը կատարէ կառուցուածքային ճգնաժամերու խորխորատէն երկիրը փրկելու ծրագիրները»:
«Կառավարութիւնը իր կազմութեան համաձայն կա՛մ երկիրը ազգային ուժի կեդրոնը կը դնէ, կա՛մ ալ կ՛աւելցնէ անոր տկարութիւնն ու փխրունութիւնը: Այս օրերուն ուշադրութիւնը հարաւային Լիբանանի առաջնագիծին վրայ է, եւ իսրայէլացին, որ չկրցաւ մուտք գործել Խիամ գիւղը, չի կրնար այս հողին վրայ մնալուն վրայ պնդել», ըսաւ շէյխ Քապալան:
«60-օրեայ ժամկէտէն ետք պատմական նոր պահ է եւ գերիշխանական նոր արարք: Լիբանանի գերիշխանութենէն վեր ուժ կամ գերիշխանութիւն չկայ, եւ շանթաժն ու ազգային գերիշխանութեան անվտանգութեան հաշուոյն գործարքները բացառուած են», նշեց ան:
«Լիբանանը անարժէք է առանց իր ազգային միութեան, համակեցութեան, քաղաքացիական խաղաղութեան եւ համապարփակ միասնականութեան», յայտարարեց շէյխ Քապալան:


