Աւստրալիոյ թենիսի բաց մրցաշարքի կիսաւարտականի 4 մրցակիցներն ալ յստակացան, երբ երէկ ամբողջացան քառորդ աւարտականի տղոց եւ աղջկանց մրցումները:
Աշխարհի թիւ 1 թենիսմեն իտալացի Եաննիք Սինըր 1 ժամ 50 վայրկեան մրցումէ մը ետք դիւրին յաղթանակ մը տարաւ աւստրալիացի Ալեքս Տը Մինաորի դէմ` 6-3, 6-2 եւ 6-1 արդիւնքով:
Սինըր պիտի մրցի ամերիկացի Պեն Շելթընի դէմ, որ մօտ 4 ժամ պայքարէ ետք դուրս ձգեց իտալացի Լորենցօ Սոնեկոն` 6-4, 7-5, 4-6 եւ 7-6 ՛7-4) արդիւնքով: Թիւ 20 դասուած Շելթըն իր ասպարէզին մէջ 2-րդ անգամ ըլլալով կը հասնի կրան շլեմի կիսաւարտական, երբ նախապէս 2023-ին ան հասած էր «Եու. Էս. Օփըն»-ի կիսաւարտական, ուր պարտուած էր այդ ժամանակ թիւ 1 թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչէն:
Աղջկանց քառորդ աւարտականին թիւ 2 թենիսվումըն Իկա Շվիանթեք (Լեհաստան) շատ դիւրին յաղթանակ մը տարաւ ամերիկացի Էմմա Նաւարոյի դէմ` 6-1 եւ 6-2 արդիւնքով, եւ առանց ոչ մէկ սեթ կորսնցնելու հասաւ կիսաւարտական:
Շվիանթեքի մրցակիցը պիտի ըլլայ ամերիկացի Մետիսըն Քիզ (թիւ 14), որ 3-րդ անգամ ըլլալով հասաւ այս մրցաշարքի կիսաւարտական: Ան նախապէս 2015-ին եւ 2022-ին հասած էր կիսաւարտական, մինչ կրան շլեմի իր լաւագոյն արդիւնքն էր 2017-ի «Եու. Էս. Օփըն»-ը, որ հասած էր աւարտական` դառնալով փոխախոյեան:
29 տարեկան Մետիսըն Քիզ երէկ 3-6, 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով դուրս ձգեց Էլինա Սվիթոլինան (թիւ 27, Ուքրանիա):
Այսօր տեղի կ՛ունենան աղջկանց կիսաւարտականի մրցումները, ուր թիւ 1 Արինա Սապալենքա պիտի մրցի Փաուլա Պատոզայի դէմ, մինչ Շվիանթեք պիտի մրցի Քիզի դէմ:


