Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆայեատ. «Իսրայէլի Նոյնիսկ Իր Մուտք Գործած Մէկ Թիզ Հողին Վրայ Մնալուն Հետ Պիտի Վարուինք Իբրեւ Համաձայնութեան Իսրայէլեան Ականահարում»

January 21, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ յայտնեց. «Մենք Հըզպալլայի մէջ 26 յունուարը կը դիտարկենք իբրեւ այն օրը, երբ զինադադարը լիբանանեան հողերէն իսրայէլեան ամբողջական հեռացում կը պահանջէ, եւ եթէ իսրայէլացի թշնամին այդ կէտը չյարգէ, ապա ատիկա գործնական քայլերու փաստաթուղթի տապալում պիտի նշանակէ եւ ականահարում այն մեքանիզմին, որ զայն կը պարունակէր, եւ ականահարում այս համաձայնութեան հովանաւորութեան միջազգային դերակատարութեան»:

Ֆայեատ Նապաթիէի մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց, որ այդ մէկը առանց բացառութեան բոլոր լիբանանցիները պիտի դնէ նոր փուլի եւ անկէ բխող նոր հաշիւներու առջեւ, այդ փուլին խորագիրը կարելի բոլոր միջոցներով ու ձեւերով իսրայէլեան բռնագրաւումի դիմակայումն է` զայն մեր հողերէն դուրս բերելու համար, եւ այդ դիմակայութիւնը բոլոր լիբանանցիներուն, կառավարութեան, բանակին, ժողովուրդին, կուսակցութեան ու Դիմադրութեան պատասխանատուութիւնն է, բացառութեամբ անկէ, որ ինքզինք կ՛ուզէ զանց կացուցել, որովհետեւ հարաւի լիբանանեան օրհնեալ հողը իրեն համար ոչինչ կ՛արժէ:

«Իսրայէլեան հեռացման հոլովոյթի խանգարումը եւ լիբանանեան 52 գիւղերու բնակիչներու իրենց գիւղեր անվտանգ կերպով չվերադառնալը պիտի սպառնայ այլ հոլովոյթներու, որոնք առնչուած են պետութեան առողջացման, կայունութեան ու բարեկարգման», ըսաւ ան` նշելով. «Անհամբեր եւ ամենայն զգուշութեամբ ու զգօնութեամբ կը սպասենք այդ օրուան, եւ մենք Իսրայէլի նոյնիսկ իր մուտք գործած մէկ թիզ հողին վրայ մնալուն հետ պիտի վարուինք իբրեւ (զինադադարի) համաձայնութեան իսրայէլեան ականահարում եւ միջազգային ընտանիքին կողմէ խոստմնադրժութիւն»:

Ան նշեց, որ պետութեան բարեկարգման բոլոր դիրքորոշումները սահմանադրութեան թիւ 22 եւ 95 յօդուածներուն համահունչ չեն, ինչ որ թերի է եւ բազմաթիւ հարցականներ կը յառաջացնէ:

«Այսօր պետութեան կառուցման նոր փուլի եզրին այս կեցուածքը կը յայտարարենք, որովհետեւ այն, ինչ որ անցնող տասնամեակներուն ընթացքին պետութեան արգելակումը կատարեց, Թաէֆի համաձայնագիրէն դուրս գալն էր, զայն յեղաշրջելու փորձերը եւ անոր ոգին ու հիմնարար սկզբունքները սառեցնելը, եւ ոչ թէ Դիմադրութիւնը, որ փորձեց պետութեան ընկերակցիլ եւ փոխհատուցել ազատագրման ու գերիշխանութեան պահպանման մէջ անոր անկարողութիւնն ու թերացումը», նշեց երեսփոխան Ֆայեատ:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պըզրի Կոչ Կ՛ուղղէ Կառավարութիւնը Արագօրէն Կազմելու Համար Երեսփոխանական Եւ Ժողովրդային Մեծ Զօրակցութենէն Օգտուելու

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.