Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շէյխ Նայիմ Քասեմ. «Ոչ Ոք Կրնայ Մեզ Մեկուսացնել Երկրին Մէջ Քաղաքական Գործուն Եւ Ազդու Մասնակցութենէն»

January 20, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ շաբաթ օր «Կազան դիմադրութեան խորհրդանիշը» միջազգային 13-րդ խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Իսրայէլ պէտք է գոյութենէ դադրի, որովհետեւ այս գոյացութիւնը թշնամական եւ  պաղեստինցի ժողովուրդի իրաւունքները ջնջող գոյացութիւն է»:

Ան յայտնեց. «Լիբանանի մէջ Դիմադրութիւնը անբեկանելի պիտի մնայ ամերիկեան-իսրայէլեան ծրագիրին համար, եւ ան կը շարունակէ, հզօր է, պատրաստ է եւ հաւատարիմ է հողի ազատագրման, Պաղեստինի ազատագրման համար թափուած արիւնին: Խախտումներուն համբերեցինք այս համաձայնութեան պատասխանատու լիբանանեան պետութեան եւ անոր հետ միջազգային հովանաւորներուն առիթ տալու համար, սակայն ձեզի կոչ կ՛ուղղեմ մեր համբերութիւնը չփորձելու: Լիբանանեան պետութեան կոչ կ՛ուղղեմ` վճռական ըլլալու խախտումներուն նկատմամբ, որոնք հարիւրը անցան: Ասիկա բան մըն է, որ չի կրնար շարունակուիլ, իսկ համաձայնութիւնը բացառաբար Լիթանի գետի հարաւին համար է»:

«Դիմադրութենէն եւ անոր զէնքէն օգտուելու ծրագիրները կը քննարկուին ռազմավարական պաշտպանութեան ծիրին մէջ եւ Լիբանանի ուժի, գերիշխանութեան ու անկախութեան պահպանման ծիրին մէջ եղող երկխօսութեամբ: Ոչ ոք պիտի կարենայ յարձակումին հետեւանքները ներքին քաղաքականութեան մէջ օգտագործել, որովհետեւ քաղաքական երթը Դիմադրութեան կացութենէն անջատ է», նշեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:

«Իբրեւ Հըզպալլա եւ Ամալ շարժում մեր նպաստն է, որ յանգեցուց համախոհական նախագահի` զօր. Ժոզեֆ Աունի ընտրութեան, եւ ոչ ոք կրնայ մեզ մեկուսացնել երկրին մէջ քաղաքական գործուն եւ ազդու մասնակցութենէն, որովետեւ մենք Լիբանանեան կազմին ու զարթօնքին մէջ կարեւոր բաղադրիչ մաս ենք: Մեզ թատերաբեմէն հեռացնելու կարգ մը աճպարարութիւնները փրփուրի փուչիկներ են, որոնք հետագային ի յայտ պիտի գան», ըսաւ շէյխ Նայիմ Քասեմ:

Նախորդը

Ռայի Պատրիարք. «Լիբանան Յաղթողի Երկիր Չէ, Այլ Ազատութեան Եւ Քրիստոնեայ-Իսլամ Համակեցութեան»

Յաջորդը

Կութիերես. «Կառավարութիւնը Շուտով Պիտի Կազմուի` Ներկայացնելով Լիբանանեան Բոլոր Կողմերը»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.