Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն հինգշաբթի գիշեր «Էմ.Էս.Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, թէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ առաջին անգամ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման մասին խօսած է, երբ Ֆիլատելֆիա առանցքին վրայ շատ հեռու գնաց եւ Կազայի մէջ հիւանդանոցներու վրայ յարձակումներ գործեց:
Պայտըն իր նստաշրջանի աւարտէն առաջ վերջին պատկերասփիւռային հարցազրոյցին ընթացքին նշեց, որ Նեթանիահուն քաջութիւն չունի իր համախոհական կառավարութեան դէմ դնելու, որովհետեւ «վաղը կրնայ զինք տապալելու քուէարկել»:
«Նեթանիահուի համախոհական կառավարութիւնը դժուար է եւ իսրայէլացի ոեւէ վարչապետի պատմութեան մէջ ամէնէն ծայրայեղական կառավարութիւնը կը ներկայացնէ», նշեց ան:
Պայտըն նաեւ նշեց, որ Իսրայէլի վարչապետը պէտք է նկատի ունենայ պաղեստինցիներուն օրինական մտավախութիւնները եւ զանոնք ընկալէ:
«Իսրայէլ երկար ժամկէտի վրայ անկարող պիտի ըլլայ ինքզինք ապրեցնել առանց պաղեստինեան դատը ընկալելու», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը:
Ինչ կը վերաբերի Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնութեան վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ կապ հաստատելուն, Պայտըն ըսաւ, որ Թրամփի հետ վերջերս չէ խօսած գերիներու փոխանակման գործարքի մասին, սակայն այս նիւթը անոր հետ արծարծած է նոյեմբեր 2024-ին, ընտրութեան մէջ անոր յաղթանակ արձանագրելէն ետք:
Թրամփ յայտնած էր, որ առանց իր Միջին Արեւելքի պատուիրակի աշխուժութեան, այս գործարքը լոյս պիտի չտեսնէր:


