Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին բացատրած է Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու ծիրին մէջ Երեւանի վերջին քայլերուն առնչուած կացութիւնը: Այս մասին հաղորդեց Քրեմլին:
Ռուսիոյ նախագահը համապատասխան մեկնաբանութիւններ կատարած է:
Զրուցակիցները նաեւ քննարկած են Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահութեան արդիւնքները, ԵԱՏՄ-ի ծիրին մէջ յառաջիկայ ընելիքները, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Ռուսիա երկկողմանի օրակարգի շարք մը հարցեր, համարկումի համագործակցութիւնը` նախ եւ առաջ ուժանիւթի ոլորտին մէջ: Նշուած են ԵԱՏՄ-ի ծիրին մէջ համատեղ աշխատանքի գործնական օգուտները:
Հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցած է հայկական կողմին նախաձեռնութեամբ:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը 9 յունուարին հաւանութիւն տուած է Հայաստանի` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթի մեկնարկին մասին օրէնքի նախագիծին:


