Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրիի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Սալամ. «Միայն Մէկ Գիրք Նկատի Կ՛ունենանք, Այդ Ալ Թաէֆի Համաձայնագիրով Բարեփոխուած Սահմանադրութիւնն Է, Եւ Ոչ Ոք Կառավարութեան Կազմութիւնը Կը Խոչընդոտէ»

January 18, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Սալամ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Խորհրդարանական ոչ պարտադիր խորհրդակցութիւնները երէկ չաւարտեցան, այլ այսօր` Պըրրիի հետ հանդիպումէս ետք»:

«Իմ հետս հանդիպում ունեցած բոլոր երեսփոխանական պլոքներուն եւ անկախ երեսփոխաններուն մօտ գոյութիւն ունի միաձայնութիւն երկիրը արագօրէն ոտքի կանգնեցնելու եւ փրկութեան համար աշխատելու շուրջ, ինչ որ կը խոստանամ 24/24-ի վրայ աշխատելով ընել», նշեց Սալամ:

«Զգացի, որ բոլոր պլոքներուն եւ անկախ երեսփոխաններուն մօտ պատրաստակամութիւն կայ դրական գործակցութեան, եւ կը հաստատեմ, որ ոչ ոքի կողմէ խոչընդոտներ կան, եւ միակ երկու ընտրանքները փոխհասկացողութիւնն ու փոխհասկացողութիւնն են: Իսկ խոչընդոտումն ու ձախողութիւնը ընտրանքներ չեն»:

«Ոչ ոք պիտի խոչընդոտէ, ոչ ոք պիտի արտօնէ կառավարութեան կազմութեան ձախողիլը, որպէսզի կարենանք սկսիլ փրկութեան համար պահանջուած աշխատանքը», շեշտեց նշանակեալ վարչապետը:

«Ես եւ Պըրրին մէկ գիրքի վրայ կը հիմնուինք, այդ ալ Թաէֆի համաձայնագիրով բարեփոխուած սահմանադրութիւնն է, եւ անոր հետ կապի մէջ պիտի մնամ հիմակուընէ մինչեւ կառավարութեան կազմութիւնը», ըսաւ Սալամ` աւելցնելով. «Այսօր Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հետ հանդիպումէն ետք պիտի այցելեմ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի` զինք այս մթնոլորտին մէջ դնելու համար»:

«Նախքան նախագահ Աունի հետ հանդիպիլս, անոր հետ հարցը քննարկելս ու ընդհանուր գիծերուն շուրջ անոր հետ համաձայնելէ առաջ ո՛չ նախարարական աթոռներ կան, ո՛չ անուններ, ո՛չ ալ կառավարութեան պատկերացում», ընդգծեց նշանակեալ վարչապետը:

«Ունիմ կառավարութեան նախնական պատկերացում մը, որ նախագահ Աունին պիտի ներկայացնեմ», յայտնեց Սալամ:

Աւելի ուշ, Պըրրի անդրադառնալով նշանակեալ վարչապետին հետ իր հանդիպումին, նշեց. «Հանդիպումը խոստմնալից էր»:

 

 

Նախորդը

Աուն Եւ Սալամ Համաձայնեցան Կառավարութիւնը Շուտով Կազմելու Անհրաժեշտութեան Շուրջ

Յաջորդը

Խօսքը Ուղղելով Նախագահ Աունին` Մաքրոն. «Դուք Էք Յոյսը, Եւ Նշանակեալ Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Պիտի Մարմնաւորէ Այս Յոյսը»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.