ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին թաղապետ Յակոբ եւ Անի Գաւլագեան եւ զաւակները` Թամար, Միսաք եւ Թալին
Տիկին Զապէլ Աւետանեան եւ զաւակները` Աւօ, Հրակ եւ Ռիթա
Տէր եւ տիկին Մեսրոպ եւ Մերի Գաւլագեան եւ զաւակները` Արլեթ եւ Վանա (Միացեալ Նահանգներ)
Տիար Վազգէն Գաւլագեան եւ զաւակը` Նարեկ (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Սագօ եւ Մանիա Գաւլագեան եւ զաւակները` Գարէն եւ Արշակ (Յունաստան)
Տէր եւ տիկին Գօգօ եւ Մարօ Փամպուքեան եւ զաւակունք (Քանատա)
Գաւլագեան եւ Պապիկեան ընտանիքներ
Աւետանեան եւ Նոխուտեան ընտանիքներ
Գրիգորեան եւ Հայրապետեան ընտանիքներ
Փամպուքեան եւ Տէմիրճեան ընտանիքներ
Գուրշունեան եւ Ապտալեան ընտանիքներ
Գնտարճի եւ Կարապետեան ընտանիքներ
Կաուրիյէ եւ Տալտալեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ, զոքանչին, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`
ԱՆԱՀԻՏ ԳԱՒԼԱԳԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՊԱՊԻԿԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 16 յունուար 2025-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` ուրբաթ, 17 յունուար 2025-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղումէն ետք, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:
————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Լիբանանի Մամլոյ եւ խմբագիրներու զոյգ սենտիքաները
«Մասիս» ամսաթերթի, «Աւետիք» պարբերաթերթի եւ «Արարատ» օրաթերթի խմբագրական անձնակազմերը
Տիկին Զուարթ Թելեան-Նաճարեան
Տէր եւ տիկին Միհրան եւ Ժոել Նաճարեան եւ զաւակները` Փաթիլ եւ Սարգիս
Տէր եւ տիկին Հմայք եւ Լօր Նաճարեան
Տէր եւ տիկին Սելիմ եւ Տոլլի Ղապրօ
Նաճարեան եւ Թելեան ընտանիքներ
Մկրտիչեան եւ Ղապրօ ընտանիքներ
Ահարոնեան եւ Նահաս ընտանիքներ
Մխսեան եւ Քէշեան ընտանիքներ
Գալուստեան եւ Շուֆենի ընտանիքներ
Ժըրժես եւ Արթինեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1937-ին)
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 15 յունուար 2025-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 17 յունուարին, յետմիջօրէի ժամը 3:30-ին, Պէյրութի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին ուրբաթ, 17 յունուար 2025-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն սկսեալ, մինչեւ թաղման արարողութիւն եւ շաբաթ, 18 յունուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ «Պօղոսեան» սրահին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել եկեղեցւոյ:
————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Նախկին նախարար տիար Յակոբ Երուանդ Տէմիրճեան
Տիար Րաֆֆի Տէմիրճեան
Տէր եւ տիկին Մարք եւ Մարալ Ճէնազեան-Տէմիրճեան եւ զաւակները` Քարլ եւ Լէօ
Տիար Ֆարիտ Գանազեհ
Տիկին Մարիա Շամմաս եւ զաւակները` Սամար Շամմաս եւ Շուքրի Շամմաս ու ընտանիքը
Տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Սեդա Ազատեան – Տէմիրճեան եւ զաւակները` Երուանդ, Թալին եւ Ալեքս ու ընտանիքները
Տէր եւ տիկին Աւետիս եւ Ռիթա Միսիրեան – Տէմիրճեան եւ զաւակները Ալիսիա եւ Աւետիս ու ընտանիքը
Հանգուցեալ Իզապէլ Գույումճեանի ընտանիք` Կարօ, Յակոբ, Անի եւ Արլին եւ ընտանիքները
Տիկին Սեդա Օղլեան եւ զաւակները` Մանուէլ եւ Նաթալի ու ընտանիք
Տէմիրճեան եւ Գանազեհ ընտանիքներ
Շամմաս եւ Ճէնազեան ընտանիքներ
Ազատեան եւ Միսիրեան ընտանիքներ
Գույումճեան եւ Սէֆէրեան ընտանիքներ
Օղլեան եւ Խուրի ընտանիքներ
Եունես եւ Ճենատրի ընտանիքներ
Ռասի եւ Ռիհան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց կնոջ, մօր, մեծ մօր, զոքանչին, քրոջ, մօրաքրոջ, հարսքոյրիկին եւ հարազատին`
ՎԻՎԻԱՆ ՌԱԺԱ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԳԱՆԱԶԵՀ)
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 15 յունուար 2025-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի շաբաթ, 18 յունուար 2025-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» սրահին մէջ (Նագգաշ): Ինչպէս նաեւ կիրակի, 19 յունուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն սկսեալ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` կը խնդրուի նուիրատուութիւնները կատարել եկեղեցւոյ:


