Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Կազմութեան Խորհրդարանական Ոչ Պարտադիր Խորհրդակցութիւնները Աւարտեցան

January 17, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ խորհրդարանին մէջ շարունակեց կառավարութեան կազմութեան խորհրդարանական ոչ պարտադիր խորհրդակցութիւնները: Մինչ չորեքշաբթի օրուան հանդիպումները երեսփոխանական պլոքներու հետ էին, երէկուան հանդիպումները անկախ երեսփոխաններու հետ էին:

Երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ նշանակեալ վարչապետին հետ իր հանդիպումին աւարտին յայտնեց, որ կ՛այպանէ զինադադարի համաձայնութիւնը բանաձեւողը, որովհետեւ այդտեղ Իսրայէլի լիբանանեան հողերէն հեռացման ժամանակացոյց գոյութիւն չունի` նշելով. «Մենք կրակոցի տակ նախագահ ընտրեցինք եւ կառավարութիւն կը կազմենք»:

Ան աւելցուց, որ ընդդիմութիւնը իրար միջեւ տարակարծութիւն ունեցաւ, «երեսփոխան Ֆուատ Մախզումիի տունը տանս մօտ է, եւ ես այդ գիշեր չկրցայ քնանալ»:

Երեսփոխան Ապտելռահման Պըզրի յայտնեց. «Կոչ ուղղեցինք, որ կառավարութիւնը կազմուի ատակ անձերէ` հեռու մնալով քաղաքական հաշիւներէն, եւ նկատի ունենալով, որ այս կառավարութիւնը ունենայ ամէնէն լայն ներկայացուցչական ենթահողը»:

Պատասխանելով իր կողմէ Նեժիպ Միքաթիի թեկնածութեան առաջադրման վերաբերեալ հարցումի մը` ան ըսաւ. «Նախընտրութիւն չկար, այլ քաղաքական տեսակէտ, թէ Լիբանանը կրնայ կարիքը ունենալ փոխանցման փուլի մը` լուծելու համար կարգ մը առկախ հարցեր, սակայն կ՛ընդունինք, որ ընդհանուր տրամադրութիւնը քաղաքական տեսակէտէն գերակշիռ եղաւ»:

Երեսփոխան Ուսամա Սաատ յայտնեց. «Կառավարութիւնը պէտք է որդեգրէ պաշտպանական քաղաքականութիւն մը` պաշտպանելու համար Լիբանանը, եւ կառավարութեան մաս պէտք է կազմեն փորձառու եւ ատակ նախարարներ»:

«Կառավարութիւնը պէտք է զգայուն թղթածրարներու շուրջ ազգային փոխըմբռնումներ երաշխաւորէ եւ ձերբազատի զինադադարի վարկաբեկիչ համաձայնութենէն», նշեց Սաատ:

Երեսփոխան Ժիհատ Սամատ նշանակեալ վարչապետ Սալամի հետ իր հանդիպումէն ետք ըսաւ. «Պէտք է նշել Սալամի կենսագրութիւնը, որ կը հաստատէ անոր հայրենասիրական, ազգային ու մարդասիրական յանձնառութիւնը, եւ ես կը զօրակցիմ 14 նախարարներէ բաղկացած արտախորհրդարանական կառավարութեան մը, որուն առաքելութիւնը հարաւի բոլոր հողերէն իսրայէլեան հեռացումը հաստատելը, վերաշինութիւնը եւ տեղահանուածներուն իրենց գիւղեր վերադարձը ըլլայ»:

Սամատ նաեւ յայտնեց, որ նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ հանդիպումի ընթացքին իրեն ըսած է. «Գոյութիւն ունեցող տարակարծութեան դիմաց կան միայն երկու լուծումներ` փոխհասկացողութիւնը կամ փոխհասկացողութիւնը»:

Երեսփոխան Միշել Տահեր նշեց. «Սալամէն խնդրեցի, որ պետութիւնը կառուցենք, եւ մեզ հետաքրքրողը վերադարձնելն է երիտասարդները, որոնք գաղթեցին, եւ մշակելու դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարները իրենց սեփականատէրերուն վերադարձնելու ծրագիր մը»:

«Մենք ատակ անձերէ կազմուած կառավարութիւն եւ երեսփոխանութեան նախարարութենէն անջատում կ՛ուզենք, եւ երկիրը փրկելու համար կարիքը ունինք քաղաքական ու ապահովական կայունութեան, թափանցիկ ու մաքուր արդարադատութեան, եւ ատիկա ներդրումները երկիր կը վերադարձնէ», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Տահեր նաեւ «բաց սրտով» խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին ուղղելով իր խօսքը ըսաւ. «Ազգային միութեան կառավարութիւն կ՛ուզենք: Յաղթող կամ պարտուող չկայ, այլ հայրենիքն է մեծագոյն յաղթականը, եւ փրկութեան համար հաւատարմութիւն կ՛ուզենք»:

Երեսփոխան Ղասսան Սքաֆ նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ իր հանդիպումէն ետք նշեց. «Սալամին յայտնեցի, որ իր եւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի կողքին պիտի ըլլամ»: Ան աւելցուց. «Մաղթեցի, որ կառավարութեան ծրագիրը (նախագահի) երդման ճառին կրկնօրինակը ըլլայ»:

Երեսփոխան Շարպել Մասաատ Սալամի հետ իր հանդիպումէն ետք կոչ ուղղեց` կառավարութեան մէջ որդեգրելու «ճիշդ մարդը, ճիշդ տեղը» սկզբունքը` աւելցնելով. «Առողջապահական հարցերու վերաբերեալ ծրագիր մը առաջարկեցի»:

Երեսփոխան Իհապ Մաթար յայտնեց. «Սահմանադրութեան համաձայն, կառավարութեան ձեւը նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի յարմար դատածին պէս կ՛ըլլայ: Խնդրեցի, որ ան հետաքրքրուի Թրիփոլիով եւ հիւսիսային Լիբանանով` երիտասարդները հասցնելով կառավարութեան, եւ երեսփոխանները պէտք է անոր նկատմամբ դրական վերաբերմունք ցուցաբերեն»:

«Վստահ ենք, որ Սալամ կառավարութեան կազմութեան մէջ հաւասարակշռութիւնները նկատի պիտի ունենայ` անտեսելով որեւէ պայման», աւելցուց ան:

Երեսփոխան Ապտելքարիմ Քապպարա նշանակեալ վարչապետին հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Մաղթեցի, որ կառավարութիւնը շուտով կազմուի եւ նոր դէմքեր ներառէ, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիէն դէմքեր, եւ կառավարութեան կազմութենէն ետք քաղաքին ծրագիրներ յատկացուին»:

Երեսփոխան Իպրահիմ Մնէյմնէ յայտնեց. «Հանդիպումը բարեկամական եւ լաւ էր, մեր պատկերացումը դրինք եւ զայն քննարկեցինք»:

«Լիբանան հիմնադրութեան փուլի մէջ է, եւ պէտք է բոլորս անոր նկատմամբ դրական վերաբերմունք ցուցաբերենք», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Շեշտեցինք, որ պէտք է կիներն ու երիտասարդները ներկայացուին, եւ կ՛ուզենք, որ կազմուի կառավարութիւն մը, որ լիբանանցիներուն այլ պատկեր կը ներկայացնէ»:

«Առաջնահերթութիւնը նախարարական հիմնական աթոռները ատակ անձերուն յանձնելն է, եւ ներկայացուցչական բաժինը պէտք է վերաբերի մնացեալ նախարարութիւններուն: Նշանակեալ վարչապետին նկատմամբ ամբողջական վստահութիւն ունինք», յայտնեց Մնէյմնէ:

Երեսփոխան Մըլհեմ Խալաֆ յայտնեց. «Կ՛ուզենք կառավարութիւն մը, որ կը յարգէ ներառական ժողովրդավարութիւնը ոչ թէ բաժնեկցական ժողովրդավարութիւնը»:

Երեսփոխան Սինթիա Զարազիր յայտնեց. «Շեշտեցի փտածութեան դէմ պայքարի խնդիրներուն վրայ»:

Երեսփոխան Նաժաթ Աուն-Սալիպա Սալամի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Բռնագրաւուած հողերուն իւրաքանչիւր թիզը պիտի պահանջենք, եւ կ՛ուզենք, որ ամէն անձ իր տունը վերադառնայ: Ծովը, լեռն ու գետը մարդոց պիտի վերադարձնենք, լուծումները կան, եւ կարելի է զանոնք գործադրել, եթէ քաղաքական կամքը գոյանայ»:

Երեսփոխան Էլիաս Ժրատէ յայտնեց. «Նախընտրելի է կառավարութեան մէջ բոլոր լիբանանցիներուն մասնակցութիւնը, եւ կարեւորագոյնը իշխանութիւնը թափանցիկութեամբ վարելն է»:

Երեսփոխան Ֆիրաս Համտան յայտնեց. «Սալամի հետ խօսեցանք զինադադարի համաձայնութիւնը գործադրելու եւ հարաւցիներու իրենց տուներ վերադարձի կարեւորութեան մասին»:

Երեսփոխան Եասին Եասին իր կարգին յայտնեց. «Խօսեցանք նախկին ամավարկերու մասին, որոնք իրենց ատենին չորդեգրուեցան, ինչպէս արդարադատութեան անկախութեան մասին»:

Երեսփոխան Իմատ Հութ կոչ ուղղեց` ջնջելու քաղաքական համայնքայնութիւնը եւ վարչական ապակեդրոնացումը գործադրելու:

Երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամ Սալամի հետ իր հանդիպումէն ետք նշեց. «Այլեւս ընդդիմութիւն եւ իշխանամէտներ չմնացին, եւ եթէ պէտք եղած բարձրութեան վրայ չգտնուինք, մեր սահմանները կրնան փոխուիլ»:

Երեսփոխան Նեպիլ Պատր նշեց. «Պիտի դիւրացնենք կազմութեան հոլովոյթը, եւ վստահութեան քուէի հարցը կը քննարկենք կառավարութեան կազմութենէն ետք»:

Նախորդը

Պայտըն. «Շնորհիւ Ուաշինկթընի Ճնշումներուն, Լիբանան Կրցաւ Ընտրել Վարչապետ Մը, Որ Հըզպալլայի Ազդեցութեան Տակ Չէ»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (17 Յունուար 2025)

RelatedPosts

Հայ Դատի Յանձնախումբերու Հերթական  Համահայկական Խորհրդաժողովը Աւարտեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Յանձնախումբերու Հերթական Համահայկական Խորհրդաժողովը Աւարտեցաւ

October 1, 2026
Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Թրամփ Կրնայ Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Ետք  Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Մարտական  Գործողութիւնները Վերականգնել
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Թրամփ Կրնայ Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Ետք Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Մարտական Գործողութիւնները Վերականգնել

October 1, 2026
Իսրայէլ «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքը Կը Նկատէ  Օդանաւը Վար Առնելու Նպատակով  Ահաբեկչական Արարք»
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքը Կը Նկատէ Օդանաւը Վար Առնելու Նպատակով Ահաբեկչական Արարք»

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.