Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յակոբ Գազազեան Փաշա (1887-1891). Ելեւմուտքի Նախարար` Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ

January 17, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓԱՈԼՕ ԳԱԶԱԶԵԱՆ

Յակոբ Գազազեան փաշա ծնած է 1836 թուականին, Պոլսոյ Ենիքոյ (Yenikoy)թաղամասը, ուր ապրած է իր ամբողջ կեանքը:

Հայրը` Յովակիմ, պարզ վաճառական մը եղած է, իսկ մայրը` Նեկտար հանըմ, կարի հաստատութեան մը մէջ գործած:

Իրենց զաւակը` Յակոբ, տան մօտ գտնուող կաթողիկէ դպրոցը յաճախած է, ուր իր սկզբնական ուսումը աւարտած է, սակայն ընտանիքին նիւթական նեղ կացութեան պատճառով չէ կրցած բարձրագոյն ուսում ստանալ եւ համալսարան յաճախել:

Աշխատած է իբրեւ հաշուապահ Կալաթայի  հայկական եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ կրցած է կարգ մը պետական հաստատութիւններու մէջ պաշտօնեայ արձանագրուիլ եւ իր թուաբանական կարողութիւնը փաստելով եւ աւելի բարձր պաշտօնի տիրանալով` նշանակուած է տնօրէն Պանք Օթոմանի թարգմանչական բաժնին, ուր իր կարողութիւնը փաստած եւ գրաւած է ուշադրութիւնը Օսմանեան դրամատան ընդհանուր տնօրէն Ֆոսթըրին, որ զայն յարմար նկատած է զինք ներկայացնելու սուլթան Համիտին եւ այդպիսով Գազազեանին դուռ բացած` դէպի պալատ:

Ան իր ճիշդ ու պարկեշտ աշխատանքով, եւ անկեղծ ու վստահելի գործունէութեամբ կրցած է սիրաշահիլ, յարգուիլ եւ նոյն ատեն երեւան հանել նիւթական սխալ հաշուապահութիւնը, որ գոյացած էր Պանք Օթոմանի մէջ, մեծ պաշտօնեաներու թերփորձառու (Malpractices) միջոցներով… Այդ պատճառով, ընդհանուր տնօրէնը զինք ներկայացուցած եւ յանձնարարած էր սուլթան Համիտ Բ.-ին, որ միեւնոյն ատեն կը ջանար կարգուկանոն դնել իր անձնական  կալուածներուն եւ պէտք ունէր շատ վստահելի անձի մը:

Յակոբ Գազազեան, երբ Պանք Օթոմանի մէջ կը գործէր, իր յաճախած դպրոցին հետ կապերը պահած ըլլալով, միշտ օգնած էր յատուկ նիւթականով պետական տուգանքներու գծով եւ պէտք եղած գործունէութիւններով` հակառակ իր առաքելական ըլլալուն, լաւ կապեր հաստատած էր Պոլսոյ կաթողիկէ փոքր համայնքին եկեղեցւոյ հետ, եւ այդ համայնքին հանդէպ կատարած բարիքներուն ու գործերուն իբրեւ վարձատրութիւն` Հռոմի Պիոս 9-րդ պապը «Ս. Գրիգոր» շքանշանով պարգեւատրած է զայն:

Երբ Յակոբ Գազազեան ներկայացուեցաւ պալատ, եւ հանդիպեցաւ սուլթան Համիտին, ան զայն գնահատեց` ըսելով. «Մեր կայսրութիւնը քեզի պէս անձերու պէտք ունի»:

Յակոբ Գազազեան երբեք չամուսնացաւ, հայրը մահացած ըլլալով` ապրեցաւ իր մօր հետ Ենիքոյ թաղամասին մէջ շատ պարկեշտ ձեւով, յարգուած` իր շրջանի անձերէն:

Սուլթան Համիտի  հրամանով անոր տրուեցան 2 պաշտօններ. առաջինը նախարար` սուլթանին անձնական կալուածներուն, իսկ երկրորդը` օսմանեան կայսրութեան ելեւմուտքի  նախարար.  հոն է, որ զինք անուանեցին փաշա, եւ 1887-ին պատմութեան անցաւ իբրեւ Յակոբ Գազազեան փաշա:

Իր արդիւնաւէտ աշխատանքով եւ յաջող նախարարութեամբ վստահութիւն շահեցաւ այդ օրերու կառավարութենէն եւ սուլթանէն, որ զանազան առիթներով մետալներով վարձատրեց զայն:

Յակոբ փաշան բարենորոգումներ մտցուց ելեւմուտքի նախարարութեան գործելաձեւին մէջ` զօրացնելով Օսմանեան դրամը եւ վստահութիւն տալով ընդհանուր լումայափոխութեան, որ տեղի կ՛ունենար եւրոպական դրամներու եւ մանաւանդ անգլիական սթերլինի հետ, բարձրացուց Օսմանեան դրամին արժէքը, եւ վստահութիւն ստեղծելով` շատ մը մեծ վաճառականներ Օսմանեան դրամով սկսան վճարել, որովհետեւ ընդհանուր շուկայի վրայ իր արժէքը ունեցաւ:

Ստեղծեց ելեւմուտքի բարեփոխում եւ երկրին պարապ հողերը օգտագործելու համար տուգանք վճարել տուաւ այդ հսկայ հողերուն տէրերուն, որպէսզի ստիպուին ցանել եւ արտադրութիւն կատարել եւ այդպիսով զօրացնեն պետութեան սնտուկներուն մուտքը, որ վնասի (deficit) մէջ էր:

Յաջողեցաւ 30 անգամով զօրացնել մուտքերը, նոյնիսկ հսկեց, որ մսխումներ չըլլան խորհրդարանին մէջ` ըլլայ զինուորական կեդրոններու կամ կառավարական հաստատութիւններու մէջ:

30 անգամ զօրացուց նոյնիսկ սուլթան Համիտին պատկանող անձնական կալուածներուն մուտքը, երբ պատասխանատու եղաւ անոր անձնական կալուածներուն:

Յակոբ փաշային 2 ամսական տրամադրուած էր, սակայն ան մերժեց` 2 պատասխանատու գործերը նոյն ճիւղին պատկանող համարելով, հարց դնելով նաեւ, որ ոչ ոք 2 ամսական ստանար, որովհետեւ կայսրութիւնը շատ պարտքեր եւ մեծ տնտեսումի կարիք ունէր:

Այս իր որոշումին պատճառով Օսմանեան կայսրութեան մէջ աշխատող շատ մը պաշտօնակիցներ հակառակ շարժումներ ստեղծեցին, որովհետեւ իրենց գողութիւնները եւ մսխումները երեւան եկան:

Մեծ վէճեր տեղի ունեցան կարգ մը վեզիրներու հետ, մանաւանդ Քամիլ փաշայի հետ` Պոլսոյ մէջ ժողովի մը ընթացքին. այս բոլորին իբրեւ հետեւանք` սկսան թռուցիկներ բաժնել Յակոբ փաշային դէմ:

Այս դէպքերը նիւթ դարձան օտար մամուլին եւ դեսպանատուններուն մէջ:

Պայքարը զօրացաւ, բայց սուլթան Համիտ Յակոբ փաշային կողքին մնաց, եւ Քամիլ փաշան  ստիպուեցաւ փախչիլ անգլիական դեսպանատուն:

Այս դէպքերուն լոյսին տակ Յակոբ փաշան, իր կարգին, իր հրաժարականը ներկայացուց, բայց սուլթանը մերժեց, որովհետեւ Յակոբ փաշան կը նկատէր իր անձնական խորհրդատուն եւ Օսմանեան կայսրութեան նիւթական կացութիւնը փրկողը:

Սուլթանը իր վարձատրութիւնները աւելցուց եւ տուն ու հողեր նուիրեց Թեսաղոնիկէի մէջ եւ շաբաթը անգամ մը իր պալատը խորհրդակցելու կը կանչէր:

Յակոբ փաշան նոյնիսկ տոկոսի հարցեր երեւան հանեց, մանաւանդ` օգտագործելով Մուսուլի քարիւղի մուտքերը… ուղղակի եւրոպական դրամատուներու մէջ դնելով, ուր տոկոսները բարձր էին:

Յակոբ փաշան 3 տարուան ընթացքին կրցաւ կայսրութեան պարտքերը վճարել` զօրաւոր հսկողութիւն սահմանելով պետական գրասենեակներուն վրայ եւ պալատին մէջ գտնուող աւելորդ ու անգործ պաշտօնեաները մէկ առ մէկ ճամբեց:

Սուլթան Համիտ իրեն հանդէպ մեծ յարգանք ցուցաբերելով, յաճախ իր մասին կ՛ըսէր` «Հրաշք մարդ է»:

Իր յաջող նախարարութիւնը մեծ արձագանգ գտաւ նոյնիսկ օտար երկիրներու մէջ, եւ սուլթանը անոր նուիրեց ճերմակ ձի մը, ինչ որ մեծ նշանակութիւն ունէր այդ օրերուն եւ այս ձեւով Յակոբ փաշան հասաւ իր յաջողութեան գագաթնակէտին…

Յակոբ փաշան կ’ապրէր իր մօրը հետ, ազատ ժամանակը կ’անցընէր ձի քշելով: 20 սեպտեմբեր 1891-ին ան Ենիքոյէն  մեկնեցաւ դաշտագնացութեան շրջան մը, որ կը կոչուէր Քալենտըր Քասրի, ուր իր ձին շան մը վայրի հաջոցէն ցնցուած` սկսաւ քառասմբակ արշաւել,  եւ Յակոբ փաշա անակնկալի գալով եւ զսպել չկարենալով սահեցաւ, եւ իյնալով, գլուխը ժայռի մը զարնուեցաւ: Հակառակ արագ օգնութիւն հասնելուն, չկրցան զինք ազատել, եւ ան մահացաւ նոյն գիշերը:

Ապտիւլ Համիտ շատ ծանր կերպով ցնցուեցաւ անոր մահուան լուրը առնելով, մանաւանդ որ այդ ձին ինք նուիրած էր, անմիջապէս իր պատուիրակութիւնը ղրկեց անոր մօր` Նեկտար հանըմին` յայտնելով իր խորին ցաւակցութիւնները:

Պաշտօնական եւ պետական թաղում տեղի ունեցաւ, արարողութիւն կատարուեցաւ Երեք Խորան հայկական եկեղեցւոյ մէջ, Պէյօղլու   թաղամասին մէջ, Պոլիս:

Ներկայ գտնուեցան մօտ 15.000 անձեր` վեզիրներ, բարձրաստիճան զինուորականներ, դիւանագէտներ, ելեւմուտքի  անձնաւորութիւններ եւ օտար ներկայացուցիչներ:

Ապտիւլ Համիտի անձնական կալուածներուն համար զայն փոխարինող նշանակեց նախարար  Միքայէլ Փորթուգալ փաշան, որ կը պատկանէր հայ կաթողիկէ համայնքին, եւ որ Յակոբ փաշան մարզած ու Ապտիւլ Համիտին ներկայացուցած էր` իբրեւ վստահելի եւ պարկեշտ անձնաւորութիւն:

2024

 

Նախորդը

Էրիկմարդ Դարձնող Սարսափը. Միհրանին Յիշատակին

Յաջորդը

Արհեստական Բանականութիւնը 2025 Թուականին. Պիլ Կէյցի, Իլոն Մասքի Եւ Նասիմ Թալեպի Նախատեսութիւնները

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.