Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան նշեց. «Մեկնելով համաձայնական Ազգային ուխտին մեր ընդգծումէն, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի համայնքի մը, որուն երեսփոխանական ներկայացուցչութիւնը ամբողջական ու բացարձակ է եւ որեւէ խախտում չունի, եւ յիշեցնելով զոհողութիւնները համայնքին, որ Լիբանանին շատ աւելի տուաւ, քան անկէ ստացաւ, կ՛ըսեմ` Ազգային ուխտէն բացառումը անձնասպանութիւն է, սպանութիւն, ցեղասպանութիւն, ինչպէս նաեւ կրակի հետ խաղալ, եւ համաձայնութիւններուն հակասելը կռնակէն դաշոյնի հարուած է, եւ պիտի չընդունինք, որ ոեւէ մէկը մեզ բացառէ»:
«Կայ մէկը, որ կ՛ուզէ Դիմադրութիւնը եւ 6 փետրուարի ըմբոստութեան խորհրդանիշը պատժել», նշեց ան` աւելցնելով. «Պիտի չընդունինք շրջանցել մեր ազգային ու երեսփոխանական կշիռը եւ ջնջել մեր գերիշխանական կարողութիւններն ու ազգային ուխտէն բխող մեր գործընկերութիւնը, եւ ան որ ատիկա կ՛ընէ, երկիրը անդունդի եզրին կը դնէ, եւ Ազգային ուխտի կրակին հետ խաղալը ամբողջ երկիրը կրակի մէջ կը ձգէ»:
«Զգուշացէ՛ք գործընկերութիւնն ու փոխհասկացողութիւնը յեղաշրջելէ եւ արտասահմանին յենելէ: Անոր շահերը առաջնակարգ նկատելը կը սպառնայ երկրին», նշեց շէյխ Քապալան` աւելցնելով. «Քաղաքական ու ազգային ներկայացուցչութիւնը միայն Լիբանանի խորհրդարանական ուժերուն է եւ ոչ թէ արտասահմանին: Ազգային ներկայացուցչութիւնը բուռն կերպով կը դանակահարուի, եւ երկիրը հարուածելու ուրուագծումները շատ սարսափելի են»:
Ան ընդգծեց, որ ձեռք երկարելը միայն Ազգային ուխտին ճամբով է, եւ զգուշացուց համայնք մը քաղաքականապէս սպաննելու վրայ պնդելէ, «որովհետեւ ատիկա ամբողջ երկիրը անորոշութեան կը մատնէ»:


