Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարճ Տողերով. Մխիթարեանի Մաղթանքները Եւ Հայ Ֆութպոլիստներու Վերջին Լուրերը

January 4, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ինթեր Միլանի եւ Հայաստանի ազգային խումբի նախկին խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան կարճ զրոյցի մը ընթացքին նախ Ամանորի իր մաղթանքները ուղղած է ամբողջ հայութեան եւ Հայաստանին, ապա ըսած է. «Իմ հայրենակիցներուս կը մաղթեմ խաղաղութիւն եւ վերածնունդի տարի` մեր հայրենիքին: Յոյս ունիմ, որ այս տարի մենք ականատես կ՛ըլլանք ազատման մեր հայ գերիներուն, որոնք ապօրինի ձեւով կը պահուին «դրացի» երկրի բանտերուն մէջ: Կը մաղթեմ համերաշխութիւն եւ միասնութիւն, քրտնաջան աշխատանք եւ ստեղծարարութիւն: Ձեր բոլոր երազները թող իրականանան: Շնորհաւոր Նոր տարի, շնորհաւոր 2025»:

Վերադառնալով ֆութպոլին ան աւելցուց. «Ախոյեանութեան սկիզբը իմ մարզավիճակս գագաթնակէտին չէր հասած, բայց ժամանակի ընթացքին վերադարձայ իմ լաւագոյն մարզավիճակիս: Ֆրաթեզիի եւ Զիլինսքիի հետ մրցակցութիւնը զիս մղեց աւելի կատարելագործուելու: Ես չեմ կեդրոնացած իմ տարիքիս վրայ. պատրաստ եմ ամէն օր մարտահրաւէր նետելու ես ինծի, որպէսզի ցուցադրեմ իմ լաւագոյն որակներս եւ վաստկիմ տեղս հիմնական կազմին մէջ: Մենք բոլորս կը ցանկանք խաղալ, բայց այստեղ ենք, որպէսզի աջակցինք իրար եւ տանք մեր լաւագոյնը` յաղթանակի համար», ըսաւ Մխիթարեան:

Նախապէս հաղորդած էինք, որ Մոսկուայի Լոքոմոթիւի միջնապահ Նայիր Թիքնիզեանի համար սպանական Սեւիա ակումբը քանի մը անգամ կապի մէջ մտած էր ձեռք ձգելու անոր ծառայութիւնները:

«Ես այսպէս կ՛ըսեմ… Իրապէս հետաքրքրութիւն կայ Սեւիայի կողմէ: Յոյսով եմ, որ ձմեռնային այս փոխանցումներու պատուհանի բացումին անոնք աւելի լաւ առաջարկ կը կատարեն ինծի, առաջարկ մը, որ կը համապատասխանէ Լոքոմոթիւին: Ես կ՛ուզեմ, որ երբ ասպարէզիս աւարտը հասնի, պարզապէս նստիմ եւ ես ինծի ըսեմ, թէ լաւագոյնս կատարեցի, ինչ որ կրնայի անշուշտ: Ո՞վ կրնար պատկերացնել, որ Սաֆոնով (Լոքոմոթիւի նախկին մարզիկ) Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ պիտի խաղայ, եւ բաժակի մրցումներուն 2 փենալթիներ պիտի զսպէ Լանսի դէմ եւ կը տօնէ այդ յաղթանակը Հաքիմիի, Լուիս Էնրիքէի եւ մնացածին հետ: Չկան սահմաններ, եւ բոլոր արգելքները միայն մեր գլխուն մէջ են», ըսաւ Թիքնիզեան:

Գերմանիա ուղղուելով յայտնենք, որ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի յառաջապահ Հրանդ-Լէոն Ռանոս կրնայ փոխանցումներու այս ամսուան ընթացքին միանալ Ֆորթունա Տիւսելտորֆին:

21 տարեկան Ռանոս կը փափաքի աւելի դաշտ ներկայանալ Բ. դասակարգի Տիւսելտորֆի Ֆորթունային հետ: Ռանոսի պայմանագրութիւնը` Մէօնշընկլատպախի հետ, կ՛երկարի մինչեւ 2027, եւ ան միայն փոխ պիտի տրուի Տիւսելտորֆին աշխատավարձով:

Այժմ Տիւսելտորֆ կը գրաւէ 8-րդ դիրքը 27 կէտերով` միայն 4 կէտով ետ մնալով Քէօլնէն, որ 31 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը:

Ովկիանոսը կտրելով անցնինք Միացեալ Նահանգներ, ուր «Էմ. Էլ. Էս.»-ի Քոլոմպուսի ուրուկուէյահայ յառաջապահ Տիեկօ Ռոսի Մարաշլեան ըստ երեւոյթին կրնայ ուղղուիլ մեքսիքական Քրուզ Ազուլ խումբը:

Ըստ մեքսիքացի լրագրող Ֆեռնանտօ Էսքիվելի, Մարաշլեան կը գտնուի Քրուզ Ազուլի նպատակներուն մէջ:

Կը նշուի, որ Քրուզ Ազուլ հետաքրքրուած է նաեւ Նիւքեսըլի Միկել Ալմերոնի ծառայութիւններով:

Մարաշլեան 2023-ի ամրան միացած էր Քոլոմպուս Քրուի, որ «Էմ. Էլ. Էս.»-ի ախոյեան էր 2023-ին: Մարաշլեանի փոխանցումի արժէքը կը գնահատուի 8 միլիոն եւրոյով:

Նախորդը

Ս. Ծննդեան Տօնին Ընդառաջ. Աւանդութեանց Պահպանումը` Ապագայի Գրաւական

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Էտուըրտծ Ձախողեցաւ Եւ Մինեսոթա Պարտուեցաւ Պոսթըն Սելթիքսէն

RelatedPosts

Փարաբազկամարտ.  Հայաստան 5 Մետալ Նուաճեց
Մարզական

Փարաբազկամարտ. Հայաստան 5 Մետալ Նուաճեց

November 10, 2026
Ճատրակ.  Ռոպերթ Փիլիպոսեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Ճատրակ. Ռոպերթ Փիլիպոսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

November 10, 2026
Վան Տայք Շատ Հաւանաբար  Միանայ Պարսելոնային
Մարզական

Վան Տայք Շատ Հաւանաբար Միանայ Պարսելոնային

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.