Դարերէ ի վեր չինական աստղաբաշխութիւնը մարդոց տարիները բաժնած է 12 անասուններու անուններով: Այսպէս, առաջին տարին մուկի տարի է, անոր յաջորդած են` ցուլը, վագրը, ճագարը կամ նապաստակը, վիշապը, օձը, ձին, ոչխարը, կապիկը, աքլորը, շունը եւ խոզը: Այս ձեւով, ամէն 12 տարին անգամ մը նոյն անասունը կը յիշուի չինական օրացոյցին վրայ: Այս տարի` 2025-ը օձի տարի է:
Իսկ ինչ կը վերաբերի հայկականին, կ՛ուզենք պարզապէս յիշեցնել, որ հայկական տոմարի առաջին ամիսը եղած է Նաւասարդը, որ կը համապատասխանէ Յուլեան տոմարի Յունուարին: Նաւասարդ բառը կազմուած է նաւա (նոր) եւ սարդ (տարի) բառերէն եւ կը նշանակէ Նոր տարի, Ամանոր: Հայոց տոմարին մէջ Նաւասարդը կ’երկարի 11 օգոստոսէն մինչեւ 9 սեպտեմբեր: Աւանդութեան համաձայն, Նաւասարդը Հայկ նահապետի դուստրերէն մէկուն անունն էր, որով Հայկ ուզած էր կոչել տարուան առաջին ամիսը:
Ճանչնանք 2025-ը, կամ` օձի տարին:
Չինական աստղաբաշխութեան մէջ օձը կը գրաւէ վեցերորդ դիրքը: Կը նախատեսուի, որ օձի տարին իրեն հետ բերէ խաղաղութիւն, համբերութիւն եւ յաջողութիւն: Որովհետեւ օձը չիներու, բայց մանաւանդ վիեթնամցիներու մօտ բախտի ու խաղաղութեան նշան է: Իրենց կարծիքով, օձը կը սիրէ խաղաղ տեղեր ապրիլ, ապահով եւ անվրդով:
Չին կարգ մը աստղաբաշխներու համաձայն, 2025 տարին պիտի ըլլայ փոխանցման տարի մը նախորդ տարուան ընթացքին սկսած պատերազմին կամ պատերազմներուն եւ կամ դժբախտ պատահարներուն: Դէպքերն ու ամէն տեսակի իրադարձութիւնները իրենք զիրենք կը մատնեն արդէն եւ 2024 թուականի քաղաքականութեան հետեւած անձերուն կը յուշեն, թէ ինչպիսի՛ զարգացումներ տեղի պիտի ունենան այս նոր տարուան ընթացքին:
Իսկ ինչ կը վերաբերի օձին եւ չիներու կողմէ անով ճանչցուած այս Նոր տարուան, աստղաբաշխները կ՛ընդունին, որ օձը կը մարմնաւորէ` որոշ չափով հպարտութիւն, խորամանկութիւն, մեծութիւն, ճարպիկութիւն, կասկածամտութիւն ու նաեւ` օրհնութիւն ներշնչող ու տուող:
Իրենց համար օձը կը խորհրդանշէ` թէ՛ կեանք, թէ՛ հմայք եւ լաւ ու դրական նշան: Անոր համար մեծ թիւով չիներ իրենց տան մէջ օձ կամ անոր նկարները, կամ ալ անոր խորհրդանշական արձանները կը պահեն: Ուստի, հիմնուելով իրենց այս տուեալներուն վրայ, ըստ իրենց, օձի տարին ծնած անհատը կ՛ըլլայ քաղաքագէտ: Ան կրնայ յաջող բանագնաց մըն ալ ըլլալ, եւ կամ ալ բանակցութիւններ վարել կեանքի ամէն մարզերէ ներս:
Բարդ խառնուածքի տէր ըլլալով հանդերձ, այս տարուան ծնունդները այն տպաւորութիւնը կը թողուն, որ իրենք իրազեկ են ամէն բանի: Գիտութեամբ զինուած, բիրտ նկարագրով եւ պրպտող միտքով անձեր կը նկատեն իրենք զիրենք, եւ որոնք կը սիրեն բարեկամութիւն հաստատել կամ ընկերակցիլ:
Իրենց համար ընկերը եւ կամ ընկերութիւնը տեւական կամ յաւիտենական իմաստ ունի: Ասոնք կ’ուզեն միշտ երիտասարդ մնալ: Ասկէ մեկնած` շատ հոգ կը տանին իրենց արտաքինին: Լաւ կը հագնին: Լաւ կ’ուզեն ապրիլ: Սուղ հագուստներ կը նախընտրեն գնել: Իրենց ուտելիքով մտահոգ են: Կ’ուզեն միշտ կուշտ ապրիլ: Երբեք նիւթականով չեն մտահոգուած: Սակայն ամէնէն վախազդուն` ասոնք կ’ատեն ձախողութիւնը եւ ի գին ամէն զոհողութեան եւ զոհաբերութեան` կ’ուզեն յաջողիլ:
Ուրեմն կը հետեւցուի, թէ այս տարուան ընթացքին ծնած անձերը կրնան ըլլալ նաեւ խոկացող, արտաքնապէս յուզական անձեր: Կ’ուզեն շուտով ամէն բանի տէր դառնալ: Անոր համար իրենց մէջ հետեւողականութեան նկարագիրը շատ շեշտուած է:
Ասոնք նաեւ կրնան ըլլալ կասկածամիտ եւ զգուշաւոր: Իրենց համար էականն ու կարեւորը վայրկեան առաջ իրենց նպատակին հասնիլն է: Տիրանալն է իրենց փափաքին: Տէրը դառնալն է իրենց երազին:
Այս տարուան ընթացքին ծնած անձերը իրենց ընտանիքով միշտ մտահոգ եղած են: Հաւատարիմ եւ օգտակար հանդիսացող անձեր ալ են, որոնց ներքին կեանքին եւ զգացումներուն թափանցելը շատ դժուար է: Անոնք սիրոյ մէջ բախտաւոր կ՛ըլլան:
Եթէ Արեւելքի ժողովուրդներուն մեծ մասը օձը իբրեւ խաղաղութեան եւ յաջողութեան նշան ընտրած է, սակայն Արեւմուտքի մէջ մարդիկ այս իրողութեան հակառակը կը մտածեն: Այս վերջիններուն համար օձը դժբախտութիւն բերող է եւ հաճելի չէ երբեք: Կը կարծեն, որ կարելի չէ օձին հետ բարեկամանալ, որովհեհետ օձը նկատի ունին իբրեւ խաբեբայ եւ խորամանկ, իբրեւ «սուտ լաց» եղող անասուն, որ իր որսին հասնելու համար հազար ու մէկ հնարքներ կ՛որոնէ:
Բայց, ինչ ալ ըլլան օձի մասին գրուած կամ տրուած ածականներն ու մակդիրները, լաւ կամ վատ կողմերը, ան իր յստակ եւ որոշ տեղը ունեցած է եւ տակաւին կը շարունակէ ունենալ չիներուն ու ներկայիս աշխարհի շատ մը ժողովուրդներուն կեանքին մէջ:
Ստորեւ չինական տարիներու բաժանումները` իրենց տարիներու դասաւորումով.-
1.- Առնետ – 1900-1912-1924-1936-1948-1960-1972-1984-1996-2008-2020-2032
2.- Ցուլ – 1901-1913-1925-1937-1949-1961-1973-1985-1997-2009-2021-2033
3.- Վագր – 1902-1914-1926-1938-1950-1962-1974-1986-1998-2010 -2022-2024
4.- Նապաստակ -1903- 1915-1927-1939-1951-1963-1975-1987-1999-2011-2023-2025
5.- Վիշապ – 1904-1916-1928-1940-1952-1964-1976-1988-2000-2012-2024-2036
6.- Օձ – 1905-1917-1929-1941-1953-1965-1977-1989-2001-2013-2025-2037
7.- Ձի – 1906-1918-1930-1942-1954-1966-1978-1990-2002-2014-2026-2038
8.- Ոչխար – 1907-1919-1931-1943-1955-1967-1979-1990-2003-2015-2027-2039
9.- Կապիկ – 1908-1920-1932-1944-1956-1968-1980-1992-2004-2016-2028-2040
10.- Աքլոր – 1909-1921-1933-1945-1957-1969-1981-1993-2005- 2017 -2029-2041
11.- Շուն – 1910-1922-1934-1946-1958-1970-1982-1994-2006-2018-2030-2042
12.- Խոզ – 1911-1923-1935-1947-1959-1971-1983-1995-2007-2019-2031-2043
Վերոնշեալ տարիներուն ծնած անձերը կ’ըլլան լաւ բնաւորութեան տէր եւ արագ բարեկամութիւն հաստատողներ: Գիտակից եւ զարգացած: Նպատակին համար գերագոյն աստիճան զոհաբերող եւ արտաքնապէս հանդարտ իրավիճակով անձեր: Միշտ կը գնահատուին իրենց բարեկամութեամբ եւ հաւատարմութեամբ:
Իսկ այս անձերուն նկարագրի տկար կամ ժխտական կէտերը նկատուած են անոնց զգուշաւորութիւնը: Շատ յաճախ կասկածամտութեան պատճառով իրենց գործը կամ արհեստը փոխած են: Թէեւ հարցերը շուտով կրցած են լուծել, սակայն ընդհանրապէս սուտ խօսելով` ուզած են ինքարդարանալ: Նախանձոտ են եւ կասկածամիտ: Հակառակ իրենց կողմէ տրուած բոլոր խոստումներուն` ասոնց պէտք է միշտ զգուշ մօտենալ: Գործի մէջ շատ լաւ եւ հաւատարիմ ընկերներ կամ գործակիցներ ըլլալով հանդերձ, անոնք նաեւ կրնան արագ կերպով նոր հարցեր ստեղծել:
Այս տարուան ընթացքին ծնած անձերը կրնան ըլլալ` շատ լաւ գիտնականներ, ոսկերիչներ, գործատէրեր, հոգեբաններ, քաղաքագէտներ, պրպտողներ, գծագրիչներ, քաղաքական եւ հոգեւոր ղեկավարներ եւ նկարիչներ:
Օձի տարիներուն ծնած նշանաւոր դէմքեր.
Մահաթմա Կանտի, Մաու Ցէ Թունկ, Ինտիրա Կանտի, Ֆերտինանտ Մարքոս, Աբրահամ Լինքըլն, վարչապետ Թոնի Պլեր, Ժաքլին Քենետի, Մարթին Լուտեր Քինկ եւ դերասանուհի Կրէյս Քելի:
«Օձի»-ն նախընտրած թիւերը` 2-14. իսկ նախասիրած գոյնը` կապոյտ:
Հետաքրքրական
Օրացուցային զարմանալիքներ` ըստ Թէոդիկի (1929, Փարիզ)
1.- Յունուար եւ հոկտեմբեր ամիսները միշտ կը սկսին շաբթուան նոյն օրը:
2.- Ապրիլն ու յուլիսը միշտ կը սկսին շաբթուան նոյն օրը:
3.- Սեպտեմբերն ու դեկտեմբերը միշտ կը սկսին շաբթուան նոյն օրը:
4.- Փետրուար, մարտ եւ նոյեմբեր ամիսները միշտ կը սկսին շաբթուան նոյն օրը:
5.- Տարուան 12 ամիսներէն` մայիսը, յունիսն ու օգոստոսը միշտ կը սկսին տարբեր օրեր:
6.- Այս բոլոր օրինաչափութիւնները նահանջ տարուան յատուկ չեն:
7.- Ո՛չ մէկ դար կրնայ սկսիլ չորեքշաբթի, ուրբաթ կամ կիրակի օրերուն:
8.- Ր գիրը ունեցող ամիսներուն ոտք եւ մարմին պէտք է տաք պահուին, իսկ Ր գիրը չունեցող ամիսներուն` հակառակը:



