Սէրը պիտի գայ անպայման
խինդը պիտի վերադառնայ անպայման
զեփիւռը պիտի շոյէ մորթդ նորէն
բաց աչքերով պիտի տեսնես
մշտնջենի գեղեցիկը
յուլիսեան տաքուկ օրերու քաղցրութիւնը
մէջդ պիտի թփռտայ նորէն
պիտի գայ ականջիդ նորէն
պատահաբար հանդիպող մարդկանց
գիշերային շշուկները
ուրախութիւնը անզուսպ.
երազները պիտի գան մանկական
կապոյտ հորիզոններ մայրական
ծանօթ անծանօթներ հարիւրաւորներ
տողանցեն կեանքէդ ներս եւ դուրս
սիրահարուած աչքեր
ընկերներ գիրքեր պիտի գան
տնաւորուին սրտիդ մէջ.
հոգեխաղաղ սեպտեմբերներ պիտի գան
ամրացնեն ինքնավստահութիւնդ
անդորրութիւնդ գամեն ժայռին
պիտի փայլի ազատութիւնդ
անկաշկանդ
հպարտութիւնդ դարբնուած
պիտի գայ ձմեռը անկոչ հիւրի վերարկուն հագած
եւ դուն անթիւ գրկախառնութիւններով
խլացնես մարդկային ցաւերդ
սպիտակ առաւօտներ անխօս պիտի գան
խոտերուն վրայ նստած ցօղը կրկին շողշողայ
բամպակ մորթդ հիւծուած արեւին տուած
մտքով ընթերցես կրկին ու կրկին
սիրականիդ պարմանի տողերը
ամօթխած յիշես տուփը տարփանքի
պահարանիդ անկիւնը գաղտնի
ու այտերուդ բուսնին կարմիր խնձորներ
դէմքիդ իջնէ խաղաղութիւն
գլխագրով գրուած
Սէր մարդկային:
26-12-2024



