Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յիշենք Մեր Տարեցները

December 31, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Ժտէյտէ մասնաճիւղի վարչութեան, կազմակերպութեամբ մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին, կիրակի,  22 դեկտեմբեր 2024-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին «Աբրահամ Աշճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Յիշենք մեր տարեցները» խորագիրով  Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի առիթով հաւաքոյթ մը:

Մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդի ատենապետ Սագօ Գրիգորեան բարի գալուստի խօսքը ուղղեց ներկաներուն եւ ըսաւ, որ ՀՄԸՄ-ի Ժտէյտէի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 50-ամեակի առիթով  այս տարուան ամանորեայ տօնակատարութիւնները միայն յատուկ փոքրիկներու կամ պատանիներու  չեն վերապահուած , այլ նաեւ` մեր տարեցներուն: Ան շեշտեց, որ տօնական օրերուն եւ միշտ հարկ է յիշել մեր տարեցները, մամիկներն ու պապիկները  եւ մեր ամբողջական սէրը, նուիրումն ու յարգանքը ցուցաբերենք իրենց նկատմամբ: Այս նախաձեռնութիւնը պէտք է սովորութիւն դառնայ ու շարունակուի ամէն տարի:

Սագօ Գրիգորեան դիտել տուաւ, որ հայկական սովորութիւն մըն է Նոր տարին սկսիլ աղօթքով, ան ներկայ տարեցներէն խնդրեց այս տարի իրենց աղօթքներուն մէջ յիշել ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը, որպէսզի անիկա շարունակէ մնալ միշտ կանգուն ու հաստատ: «Յիշեցէ՛ք  մեր  հայրենիքը Հայաստանն ու Արցախը, չմոռնանք նաեւ Լիբանանը, որ մնայ միշտ խաղաղ», նշեց ան:  Ապա մասնաճիւղի անդամներուն եւ սկաուտներուն անունով ներկաներուն մաղթեց ուրախ, քաջառողջ եւ բարիքներով լեցուն տարի մը:

Հիւրասիրութենէ ետք մասնաճիւղի սկաուտները ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը, ապա մթնոլորտը ճոխացուցին «Power Kids» խումբի անդամները:

Յայտագիրի աւարտին ներկաներուն բաժնուեցան նուէրներ, ինչպէս նաեւ հրամցուեցաւ մասնաճիւղի Սկատուական խորհուրդին կողմէ պատրաստուած ճաշը:

Ներկաները իրենց բարի մաղթանքները կատարելէ ետք գոհունակ սրտով վերադարձան իրենց տուները:

Նոր տարուան առթիւ ԲԱՐԵԿԱՄԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ, ԸՆԿԵՐԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԵՂԲԱՅՐԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՍԻՐՈՅ ՈԳԻՆ  տարածենք ամէնուրեք:

 

Նախորդը

Լալայի ու Արայի Նոր Տարուան Նուէրը Աշխարհի Բոլոր Փոքրիկներուն

Յաջորդը

«Նարեկացի» Գրախանութի Ամանորի Հաւաքը

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.