Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ազրպէյճանական օդանաւային ընկերութեան` ԱԶԱԼ-ի օդանաւի Աքթաուի մօտ ջախջախման շարք մը պատճառներ նշած է: Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ալիեւի համաձայն, վերջնական վարկածը յայտնի պիտի դառնայ միայն սեւ տուփերը բանալէ ետք:
«Սակայն նախնական վարկածները բաւական հիմնաւորուած են եւ հիմնուած են փաստերու վրայ, եւ փաստերը այն են, որ ազրպէյճանական քաղաքային օդանաւը խոցուած է դուրսէն` Ռուսիոյ օդային տարածքին մէջ, Կրոզնի քաղաքին մօտ, եւ գործնականին մէջ կորսնցուցած է կառավարումը: Մենք նաեւ գիտենք, որ մեր օդանաւը անկառավարելի դարձած է ռատիոելեկտրոնային պայքարի միջոցներու կիրարկման պատճառով: Ասիկա օդանաւին հասցուած առաջին վնասն էր», նշած է Ազրպէյճանի նախագահը:
«Ազրպէյճանական օդանաւային ընկերութեան այս շաբաթ ջախջախուած օդանաւը, որուն 68 ճամբորդներէն 38-ը մահացան, Ռուսիայէն արձակուած կրակոցէ խոցուեցաւ», յայտարարած է Ալիեւ:
Ան նաեւ յայտնած է, որ ցամաքէն բացուած կրակոցի հետեւանքով օդանաւի պոչի մասը նոյնպէս մեծ վնաս կրած է:
Ըստ Ալիեւի, թռչուններու երամի հետ բախման վարկածը օրակարգէն ամբողջութեամբ վերցուցած է այն փաստը, որ օդանաւի պատեանին վրայ անցքեր յայտնաբերուած են: Ան ընդգծած է, որ Ռուսիոյ մէջ որոշ շրջանակներ գերադասած են հաւատարիմ մնալ այս տարբերակին:
«Առաջին 3 օրը Ռուսիայէն ոչինչ լսեցինք, բացի զառանցական վարկածներէ: Մեզի զարմացուց այն, որ ռուսական պաշտօնական կառոյցները կազի պալոնի մը պայթումի վարկածներ կը ներկայացնէին: Այսինքն` ասիկա բացայայտօրէն ցոյց տուաւ, որ ռուսական կողմը կ՛ուզէ կոծկել այդ հարցը, ինչ որ պատիւ չի բերեր ոեւէ մէկուն», ըսած է ան:
Ալիեւ, սակայն, ընդգծած է, որ օդանաւը դիտմամբ չէ խոցուած: Ան աւելցուցած է, որ Պաքուն բացայայտ կերպով ներկայացուցած է իր պահանջները ռուսական կողմին:
«Ռուսական կողմը պէտք է Ազրպէյճանէն ներողութիւն խնդրէ, պէտք է ընդունի իր մեղքը, մեղաւորները պէտք է պատժուին եւ պատասխանատուութեան ենթարկուին, իսկ ազրպէյճանական պետութեան, վնասուած ճամբորդներուն եւ անձնակազմի անդամներուն պէտք է փոխհատուցում տրուի», ըսած է ան:
Ալիեւ նշած է, որ Ազրպէյճան մերժած է Ռուսիոյ միջպետական քաղաքային թռիչքի յանձնախումբի` արկածը հետաքննելու պաշտօնական առաջարկը:
25 դեկտեմբերին ԱԶԱԼ-ի պատկանող «Էմրայեր 190» օդանաւը ջախջախուած է Ղազախստանի Աքթաու քաղաքին մօտ` Պաքուէն Կրոզնի թռիչք կատարելու ընթացքին: Արկածին պատճառով մահացած են 38 ճամբորդներ, վերապրած են 29 ուրիշներ:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին շաբաթ օր ներողութիւն խնդրած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւէն` «Ռուսիոյ օդային տարածքին մէջ տեղի ունեցած ողբերգական դէպքին համար»: Ան նշած է, որ տարածքին մէջ գործած է Ռուսիոյ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը, սակայն ուղիղ չէ ըսած, որ օդանաւի կործանման պատճառը ճիշդ այդ եղած է:
«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է, թէ Փութին եւ Ալիեւ երէկ ունեցած են հեռաձայնային հաղորդակցութիւն, որուն ընթացքին շարունակած են քննարկել ազրպէյճանական օդանաւի ջախջախման առնչուած հարցերը:


