Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ասատի Վարչակարգէն Պաշտօնատարներու Ձերբակալութիւն

December 28, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիական բարձրաստիճան աղբիւր մը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է շարք մը նահանգներու մէջ երկու օրէ ի վեր ընթացող գործողութիւններու ընթացքին Ասատի վարչակարգէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներու սպանութեան եւ ձերբակալութեան մասին:

Աղբիւրը յայտնած է, թէ ապահովական ուժերը անցնող երկու օրուան Թարթուսի, Հոմսի, Համայի, Հալէպի եւ Դամասկոսի մէջ Ասատի վարչակարգէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ ձերբակալած են:

Աղբիւրը նշեց, որ Հոմսի գիւղական շրջանի Հուլայի ջարդին պատասխանատու եւ Ազգային պաշտպանութեան միլիսի հրամանատար Շուժահ Ալի սպաննուած է:

Հալէպի մէջ ձերբակալուած է պաղեստինեան «Լիուա Քուտս» միլիսի հրամանատարի գրասենեակի տնօրէն Ալի Ֆախրի Տարուիշը:

Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններու վարչութիւնը մէկ օր առաջ յայտարարած էր Սայիտնայայի մէջ դաշտային մահապատիժներու պատասխանատու Մոհամետ Քանժօ Հասանի ձերբակալութիւնը: Ան ձերբակալուած է իր հրամանատարութեան տակ գտնուող 20 անձերու հետ:

Մէկ օր առաջ Թարթուսի արեւմուտքը գտնուող Խրպեթ Մաազայի անոր նստավայրին մէջ զինք ձերբակալելու չորեքշաբթի օրուան փորձի ընթացքին զինեալ բախումներ տեղի ունեցած էին եւ զինք ձերբակալել փորձած ուժերէն 14 զոհեր եւ 10 վիրաւորներ արձանագրուած էին, իսկ Հասանի մերձաւորներէն 7-ը սպաննուած էին:

ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Լաթաքիոյ ընդհանուր ապահովութեան վարչութիւնը ձերբակալած է «սուրիացիներու դէմ շարք մը մեծ ոճիրներու պատասխանատու» Ալի Հայան Միան:

Միւս կողմէ, Իրաքի վարչապետ Մոհամետ Շիահ Սուտանի երէկ յայտնեց, որ Ասատի վարչակարգը իրմէ զինուորական միջամտութիւն չէ խնդրած` նշելով, որ Պաշշար Ասատի եղբայրը` Մահեր Ասատը վարչակարգի տապալումէն ետք Իրաք մուտք չէ գործած:

«Իրաքեան կառավարութիւնը կը յարգէ սուրիացիներուն կամքը եւ անհամբեր համապարփակ քաղաքական հոլովոյթի կը սպասէ», աւելցուց Իրաքի վարչապետը:

Նշենք, որ մէկ օր առաջ Իրաքի հետախուզութեան ղեկավար Համիտ Շաթրիի գլխաւորութեամբ իրաքեան պատուիրակութիւն մը այցելած էր Դամասկոս, ուր հանդիպում ունեցած էր Սուրիոյ մէջ նոր վարչակազմի ընդհանուր հրամանատար Ահմետ Շարհի, արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շայպանիի եւ հետախուզական ծառայութեան ղեկավար Անաս Խաթթապի հետ:

 

Նախորդը

Լաւրով. «Մոսկուան Պատրաստ Է Բանակցելու Թրամփի Եւ Ուքրանիոյ Հարցով Անոր Բանագնացին Հետ»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.