Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ. «Արտաքին Պատերազմներու Միջամտելէ Պիտի Դադրինք, Եւ Փանամայի Ջրանցքին Ամերիկայի Վերադարձուիլը Կը Պահանջենք»

December 24, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «7 հոկտեմբեր 2023-ի դէպքերն ու Ուքրանիոյ պատերազմը տեղի պիտի չունենային, եթէ ես ըլլայի Միացեալ Նահանգներու նախագահը»:

Թրամփ Արիզոնա նահանգի Ֆինիքս քաղաքին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց. «Պիտի դադրինք միջամտելէ արտաքին պատերազմներու, որոնց մէջ անհեթեթ կերպով մուտք գործած են Միացեալ Նահանգները»:

«Բանակին ցուցմունք պիտի տամ ստեղծելու երկաթեայ գմբէթ մը` պաշտպանելու համար Միացեալ Նահանգներու երկինքը», ըսաւ ան:

Թրամփ նաեւ նշեց. «Պիտի դադրեցնեմ Միջին Արեւելքի մէջ քաոսն ու Ուքրանիոյ մէջ պատեազմը, եւ պիտի արգիլեմ Համաշխարհային Գ. պատերազմի ծագումը»:

«Ուաշինկթընի մէջ մեծ փոփոխութիւններ պիտի կատարեմ, եւ Քոնկրեսին մէջ հանրապետական մեծամասնութիւնը կը զօրակցի պաշտօններու համար իմ առաջադրած թեկնածուներուս», ըսաւ ան:

«Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ մեծագոյն արտաքսումին պիտի սկսինք», յայտնեց Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահը:

Ան նաեւ ըսաւ. «Մեքսիքայի մէջ պաշտօնատարներուն փոխանցեցի, որ այն, ինչ որ մեր սահմաններուն վրայ տեղի կ՛ունենայ, անընդունելի է»:

Փանամայի նախագահ Խոսէ Ռաուլ Մուլինոն պատասխանելով Թրամփին յայտնեց. «1977 թուականին Թորիխոս-Քարթըր պայմանագիրները կը նախատեսէին նախկին ջրանցքի գօտիի լուծարում, Փանամայի գերիշխանութեան ճանաչում եւ ջրանցքի ամբողջական փոխանցում Փանամային: Իբրեւ նախագահ կ՛ուզեմ յստակ ըսել, որ Փանամայի ջրանցքի եւ անոր յարակից գօտիի իւրաքանչիւր քառակուսի մեթրը Փանամային է եւ այդպէս ալ պիտի մնայ: Մեր երկրի գերիշխանութիւնն ու անկախութիւնը սակարկելի չեն», ըսաւ Մուլինօ` ընդգծելով, որ ջրանցքը իր երկրի պատմութեան անբաժանելի մասն է, եւ որ իւրաքանչիւր փանամացի «զայն իր սրտին մէջ կը կրէ»:

«Ատիկա մենք տակաւին պիտի տեսնենք», արձագանգեց Թրամփ:

Ան հեգնանքով արձագանգեց Փանամայի նախագահի յայտարարութեան` տեղադրելով Փանամայի ջրանցքի լուսանկարը` «Բարի գալուստ Միացեալ Նահանգներու ջրանցք» մակագրութեամբ:

 

Նախորդը

Արաբական Պատուիրակութիւններ Դամասկոսի Մէջ. Յորդանանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Դամասկոս Այցելելով Հանդիպում Ունեցաւ Շարհի Հետ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.