Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շարհ. «Չենք Ուզեր Լիբանանի Ներքին Գործերուն Միջամտել Եւ Բոլոր Լիբանանցիներէն Նոյն Հեռաւորութեան Վրայ Պիտի Կանգնինք»

December 21, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ նոր վարչակազմի ընդհանուր հրամանատար Ահմետ Շարհ (Ապու Մոհամետ Ժուլանի) «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Սուրիական յեղափոխութիւնը վարչակարգի տապալումով վերջ գտաւ, եւ պիտի չարտօնենք զայն որեւէ այլ տեղ արտածել: Սուրիան որեւէ արաբական երկրի կամ Ծոցի որեւէ պետութեան վրայ յարձակումի շղթայազերծման կամ մտահոգութիւն պատճառելու հարթակ պիտի չըլլայ: Շատեր սուրիական յեղափոխութեան մէջ մուտք գործեցին, սակայն այսօր կը գտնուինք նոր փուլի մէջ, որ պետութեան կառուցումն է: Մենք կը ջանանք այդ պետութիւններուն հետ գործօն ռազմավարական յարաբերութիւններ կառուցել: Սուրիան յոգնեցաւ այլոց շահերու հարթակ ըլլալէ, եւ մենք կարիքը ունինք մեր երկիրը վերաշինելու եւ անոր նկատմամբ վստահութիւնը կառուցելու, որովհետեւ Սուրիան արաբական իրադարձութիւններու սրտին մէջ է»:

«Այն, ինչ որ կարելի նուազագոյն վնասներով ու կորուստներով ըրինք եւ ձեռք բերինք, շրջանին մէջ իրանեան ծրագիրը 40 տարի ետ տարաւ», աւելցուց Շարհ:

Սուրիոյ նոր վարչակազմի ընդհանուր հրամանատարը նաեւ յայտնեց. «Դամասկոս հասնելնուս պատճառով լիբանանցի եղբայրներէն բազմաթիւ մտահոգութիւններ մեզի հասան, թէ ատիկա Լիբանանի մէջ կողմ մը միւսին դէմ պիտի զօրացնէ: Իրականութեան մէջ լիբանանցի դրացիին հետ տիրապետական որեւէ յարաբերութեան չենք ձգտիր, այլ` փոխադարձ յարգանքի, եւ չենք ուզեր լիբանանեան ներքին հարցերուն միջամտել, որովհետեւ մեր երկրին մէջ բաւարար աշխատանք ունինք:

«Կ՛ուզենք կառուցել լաւ յարաբերութիւններ, բոլոր լիբանանցիներուն հետ մէկ հեռաւորութեան վրայ, եւ այն, ինչ որ անոնց կը գոհացնէ, մեզ ալ կը գոհացնէ»:

Միւս կողմէ, Շարհ շեշտեց. «Չեմ ուզեր անձնական տեսակէտներս սուրիացիներուն պարտադրել, այլ փորձառու եւ մասնագէտ իրաւաբաններուն կը ձգեմ հարցերը դասաւորել, որպէսզի օրէնքը մարդոց միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ անջատման կէտը ըլլայ: Կարելի չէ ակնկալել, որ Սուրիոյ ծաւալով երկիր մը, որուն հարստութիւնը իր տարբեր բաղադրիչ մասերն են, մէկ կարծիք ունենայ:

«Այդ տարակարծութիւնը լաւ է եւ առողջ, եւ այս յաղթանակը, որ արձանագրուեցաւ, մէկ խումբի  այլ խումբի մը վրայ յաղթանակ չէ, այլ բոլոր սուրիացիներուն յաղթանակը: Նոյնիսկ անոնք, որոնք նախկին վարչակարգին համակիր կը կարծէինք, ուրախացան, որովհետեւ մարդոց արտօնուած չէր իրենց զգացածն ու մտածածը արտայայտել: Եւ ես վստահ եմ, որ բոլոր սուրիացիները, իրենց տարբեր խմբաւորումներով, բաւարարաչափ զգօն են պաշտպանելու իրենց երկիրը:

«Կարճ խօսքով, այն, որուն կը ձգտիմ, հասնիլն է միախմբող համաձայնութեան եւ օրէնքի պետութեան, որուն կը դիմենք մեր տարակարծութիւնները լուծելու համար»:

Նախորդը

Քարամէ. «Կան Բնական Երկու Թեկնածուներ` Ֆրենժիէն Եւ Բանակի Հրամանատարը»

Յաջորդը

Փաթել. «Հայաստան-Ազրպէյճան Յարաբերութիւններու Կարգաւորումը Կը Շարունակէ Կենսական Նշանակութիւն Ունեցող Ոլորտ Մնալ Ուաշինկթընի Համար»

RelatedPosts

Խմբագրական.  Այնճարը` Սփիւռքի Փոփոխուող Քարտէսին Վրայ (Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Այնճարը` Սփիւռքի Փոփոխուող Քարտէսին Վրայ (Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակին Առիթով)

September 19, 2026
Քաց. «Լիբանանի Մէջ Իսրայէլի Գործողութիւնը Յաւելեալ Քանի Մը Շաբաթ Պիտի Տեւէ»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Եթէ Էրտողան Կ՛ուզէ Կազայի Մէջ Իր Գաղափարակիցներուն Օգնել, Թող Զանոնք Անթալիա Տեղափոխուելու Օգնէ»

September 19, 2026
Ռուսիոյ Մէջ Եռօրեայ Խորհրդարանական  Ընտրութիւնները Ընթացք Առին
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիոյ Մէջ Եռօրեայ Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Ընթացք Առին

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.