Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի Գահիրէի մէջ Զարգացող ութ երկիրներու տնտեսական գործակցութեան կազմակերպութեան 11-րդ վեհաժողովի բացման նիստի ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնելով Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիին յայտնեց. «Մեծապէս շնորհակալ եմ այն ազնիւ վերաբերմունքին համար, որ Լիբանանի եւ Կազայի նիւթերը դրիք այս վեհաժողովի սեղանին վրայ»:
Միքաթի յայտնեց, որ նախագահներէ, վարչապետներէ եւ նախարարներէ լսած է այն խօսքը, թէ պահանջուածը լուրջ աշխատանքն է, յարատեւումն ու գործակցութիւնը, «եւ անոնք բոլորն ալ խօսքեր են, զորս կը լսենք, սակայն լրջօրէն պահանջուածը այն է, որ աշխատինք»:
«Պէտք է մէկ ձեռքով աշխատինք խօսքը միաւորելու համար: Ամէն անգամ, որ իրարու հանդիպինք եւ մէկ ձեռք ենք, հաստատօրէն պիտի յաջողինք: Պէտք է մեր գործերուն վրայ կեդրոնանանք եւ տեսնենք ի՛նչ կրնանք ընել հասարակաց բարիքին համար», աւելցուց ան:


