Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խազեն. «Յառաջիկայ 9 Յունուարին Լիբանան Նոր Նախագահ Պիտի Ունենայ»

December 19, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեսփոխան Ֆարիտ Հայքալ Խազեն Պքերքէի մէջ մարոնիներու Ռայի պատրիարքին հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Ռայի պատրիարքը լիովին կը գիտակցի Լիբանանի համար նախագահի ընտրութեան գործընթացի կարեւորութեան եւ զայն 9 յունուարին որոշուած ժամկէտին կատարելու անհրաժեշտութեան»:

«Սահմանադրական այս գործընթացը պէտք է արդիւնաւէտ ըլլայ եւ հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեան յանգի», շեշտեց Խազեն:

«Ռային դրի հանրապետութեան նախագահի անունի շուրջ համաձայնութեան հասնելու նպատակով երեսփոխանական պլոքներու տեսակէտները իրարու մօտեցնելու համար կատարած հաղորդակցութիւններուս մթնոլորտին մէջ: Ճիշդ չէ, թէ պլոքները բացարձակ կերպով կառչած են իրենց դիրքորոշումներուն. որոշ տեղեր եւ հիմնական պլոքներու մօտ մերձեցման եւ փոխըմբռնման մտադրութիւն նկատեցի, եւ պատրաստակամութիւն կայ քննարկում կատարելու` հասնելու համար նախագահի անունին շուրջ համաձայնութեան», նշեց ան:

«Ռայի պատրիարքին վստահեցուցի, որ յառաջիկայ 9 յունուարին Լիբանան նոր նախագահ պիտի ունենայ, եւ նիստի յետաձգման կամ անոր արգելակման պայմաններու գոյութեան մասին ամէն խօսք սխալ է: Մենք հիմակուընէ մինչեւ նիստը լրջօրէն կ՛աշխատինք երաշխաւորելու համար հասնիլը փափաքելի արդիւնքին, որ ի նպաստ հայրենիքին է, եւ գիտենք, թէ Ռայի պատրիարքը որքա՛ն յոյս կապած է այս նիստին վրայ, մանաւանդ որ լիովին կը գիտակցինք նախագահական աթոռի դատարկութեան պատճառով Լիբանանի ապրած տառապանքին եւ քրիստոնէական ու մարոնիական դիրքի դատարկութեան վերջ տալու կարեւորութեան», ըսաւ երեսփոխանը:

«Նուազագոյն հաղորդակցութիւն կայ երեսփոխանական պլոքներուն միջեւ, եւ ոչ ոք յանդգնութիւնը ունի աշխարհի դեսպաններուն եւ ներքին ու արտաքին հասարակական կարծիքին առջեւ ընտրութեան սրահէն դուրս գալու: Պլոքները կը գիտակցին, թէ այս նիստը վճռորոշ է, եւ կարելի չէ շարունակել այս դատարկութիւնը, որ երկիրը ուժասպառ կը դարձնէ», յայտնեց Խազեն:

Ինչ կը վերաբերի լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի թեկնածութեան հաւանական առաջադրման, Խազեն նշեց. «Անոր ընտրութեան շուրջ սահմանադրական խնդիր գոյութիւն ունի, որ սահմանադրութեան փոփոխութիւն կը պահանջէ, եւ նախկին նախագահ Միշել Սլէյմանի ընտրութեան պայմանները ամբողջովին տարբեր էին: Այսօր, բանակի հրամանատարի նախագահ ընտրութիւնը սահմանադրութեան բարեփոխման կը կարօտի, եւ գոյութիւն ունին քաղաքական ուժեր, որոնք այդ ընտրանքին դէմ են, եւ եթէ անոր շուրջ համախոհութիւն գոյանայ, այդ ատեն կը կողմնորոշուինք, սակայն կը վստահեցնենք, որ նիստը նախագահի ընտրութեան պիտի յանգի»:

«Քաղաքական տարբեր կողմերուն միջեւ հաղորդակցութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ նիստի թուականը», ըսաւ ան` յոյս յայտնելով, որ այդ ջանքերը կը յանգեցնեն ընտրութեան նոր նախագահի մը, որ Լիբանանը կը փրկէ իր ահագնացող տագնապներէն:

 

Նախորդը

Շէյխ Քապալան. «Չենք Ուզեր Հանրապետութեան Նախագահ Մը, Որ Քրիստոնեաները Չի Գոհացներ, Ինչպէս Նաեւ Չենք Ուզեր Նախագահ Մը, Որ Իսլամներուն Ազգային Շահերը Չ՛երաշխաւորեր»

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարքը Խորհրդարանի 9 Յունուարի Նիստի Ընթացքին Նախագահի Ընտրութեան Նկատմամբ Յոյս Կը Յայտնէ

RelatedPosts

Շէյխ Քասեմ. «Դիմադրութիւնը Հողը  Ազատագրելու Միակ Ուղին Է»
Լիբանանեան

Շէյխ Քասեմ. «Դիմադրութիւնը Հողը Ազատագրելու Միակ Ուղին Է»

September 21, 2026
Ռայի Պատրիարք. «Հարաւային Լիբանանը  Բանակցութեան Խաղաքարտ Չէ, Այլ Լիբանանեան Հող»
Լիբանանեան

Ռայի Պատրիարք. «Հարաւային Լիբանանը Բանակցութեան Խաղաքարտ Չէ, Այլ Լիբանանեան Հող»

September 21, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.