Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտնեց. «Ամերիկայի եւ սիոնական գոյացութեան պատկերացումն ու անոնց կարգ մը դաշնակիցներուն Դիմադրութիւնը ոչնչացնելու պատկերացումը ամբողջովին սխալ է»: Այս մասին հաղորդեց «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը:
Ան Թեհրանի մէջ կրօնական առիթով մը իրանցի կիներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին նշեց. «Սիոնական գոյացութիւնը պատրանքի մէջ է, եթէ կը կարծէ, թէ Սուրիոյ ճամբով Հըզպալլան կը պաշարէ` զայն ոչնչացնելու համար, սակայն ան, որ պիտի ոչնչացուի, իրողութեան մէջ Իսրայէլն է»:
«Սէյիտ Հասան Նասրալլայի հոգին կենդանի է, Եահիա Սընուարի հոգին կենդանի է: Անոնց նահատակութիւնը զանոնք հարթակէն դուրս չբերաւ, այլ միայն անոնց ֆիզիքական ներկայութիւնը հեռացուց, սակայն անոնց հոգին կը մնայ, անոնց գաղափարները եւ անոնց ուղին պիտի շարունակուին», աւելցուց Խամենէի:
«Կազան առօրեայ յարձակումներու կ՛ենթարկուի եւ նահատակներ կու տայ, բայց եւ այնպէս կը տոկայ եւ կը դիմադրէ, եւ Լիբանանը եւս կը դիմադրէ», յայտնեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը:


