Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահի դիւանագիտական խորհրդատու Անուար Քըրքաշ յայտնեց, որ Ապու Տապին մտահոգ է Պաշշար Ասատը տապալած սուրիական զինեալ խմբաւորումներուն իսլամական պատկանելիութեան նկատմամբ:
Քըրքաշ Ապու Տապիի մէջ «Համաշխարհային քաղաքականութեան խորհրդաժողով»-ի ընթացքին իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտնեց. «Միասնականութեան եւ բոլոր սուրիացիներուն վարչակարգի մը պարտադրման շուրջ տրամաբանական ու ողջախոհ յայտարարութիւններ կը լսենք, սակայն, միւս կողմէ կը կարծեմ, որ նոր ուժերուն բնոյթն ու Իսլամ եղբայրներուն եւ Քայիտայի հետ անոնց կապերը, բոլորն ալ չափազանց մտահոգիչ ցուցանիշեր են»:
«Պէտք է մէկ կողմէ լաւատես ըլլանք եւ այսօրուան դժուար առաքելութեան մէջ օգնենք սուրիացիներուն, միեւնոյն ժամանակ պէտք չէ անտեսենք, որ շրջանը նախապէս նոյնպիսի զարգացումներ տեսաւ, ուստի պէտք է զգուշ ըլլանք», աւելցուց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահի խորհրդականը:
«Պէտք է աշխատանք տանինք անցեալի սխալները չկրկնելու», շեշտեց ան:
«Բոլորս անցեալ տասնամեակի դասերէն սորվինք եւ ապագային լաւատեսութեամբ նայինք», նշեց Քըրքաշ:


