Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Պոսթըն 21-րդ Մրցումը Յաղթեց

December 17, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Պոսթըն Սելթիքս տարեշրջանի իր 26-րդ մրցումին արձանագրեց իր 21-րդ յաղթանակը, երբ 112-98 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ մայրաքաղաք Ուաշինկթընէն` Ուիզըրտծի դէմ մրցումին:

Ճէյսըն Թէյթըմ 28 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ ախոյեան Սելթիքսի, որուն 7 մարզիկները 10-էն աւելի կէտեր նշանակեցին` ցուցաբերելով խմբային գեղեցիկ խաղարկութիւն մը: Ուաշինկթընէն փայլեցան Ճորտըն Փուլ (21 կէտ) եւ Պիլալ Քուլիպալի (19 կէտ):

3 կէտնոց կողովներու մրցանշային մրցումի մը ընթացքին, Տալաս Մեւրիքս 143-133 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի դաշտէն:

Լուքա Տոնչիչ իր ասպարէզի 80-րդ թրիփըլ-տապըլը ձեռք ձգեց` նշանակելով այս տարեշրջանի իր առաւելագոյն կէտերը` 45 կէտ, ինչպէս նաեւ ձեռք ձգելով 13 էսիսթ եւ 11 ռիպաունտ:

Քլէյ Թոմփսըն 7 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց իր նախկին խումբին դէմ, Կոլտըն Սթէյթ ընդամէնը 27 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց, մինչ Տալաս` 21:

Քլէյ Թոմփսըն (29 կէտ) եւ Քայրի Ըրվինկ (21 կէտ եւ 8 էսիսթ) եղան Տալասի լաւագոյն մարզիկները` Տոնչիչի ետին:

Անտրու Ուիկինզ 29 կէտ նշանակեց, մինչ 3 կէտերու վարպետ Սթեֆըն Քըրրի 26 կէտ եւ 10 էսիսթ կատարեց: Քըրրի 7 յաջող 3 կէտնոց կողովներ ձեռք ձգեց:

Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 116-110 արդիւնքով կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Մեմֆիս Կրիզլիզի դէմ, ուր Լըպրոն Ճէյմս 2 մրցումէ բացակայելէ ետք վերադարձած էր Լէյքըրզի հետ:

Անթոնի Տէյվիս 40 կէտ եւ 16 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Լէյքըրզի, մինչ Ճա Մըրենթ 20 կէտ նշանակեց ի նպաստ Մեմֆիսի:

Ֆինիքս Սանզ իր դաշտին վրայ 116-109 արդիւնքով յաղթեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզին: Տեւըն Պուքըր (28 կէտ), Քեւըն Տիւրենթ (20 կէտ) եւ Թայըս Ճոնզ (19 կէտ) եղան Ֆինիքսի լաւագոյն մարզիկները, մինչ Փորթլենտէն Անֆըրնի Սիմընզ (20 կէտ) Ճերամի Կրենթ (17 կէտ) եւ Տենի Աւտիճա (17 կէտ) եղան Փորթլենտի լաւագոյնները:

Նիւ Եորք Նիքս 100-91 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Օրլանտօ Մեճիքը` այս վերջինիս դաշտին վրայ: Քարլ-Անթոնի Թաունզ 22 կէտ եւ 22 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Նիքսի, մինչ գերմանացի Մորից Վակնըր 32 կէտ նշանակեց ի նպաստ Օրլանտոյի:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Ինտիանա Փէյսըրզ – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 119-104
Օրլանտօ Մեճիք – Նիւ Եորք Նիքս 91-100
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Պոսթըն Սելթիքս 98-112
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 92-106
Ֆինիքս Սանզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 116-109
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Տալաս Մեւրիքս 133-143
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ 116-110

Նախորդը

2034-ի Մոնտիալի Պատրաստութիւն. 1 Միլիառ Տոլար` Հրաշք-Մարզադաշտ Կառուցելու Համար

Յաջորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Եունայթըտ Անակնկալի Բերաւ Սիթին` «Մանչեսթըրի Տերպի»-Ին`.Պարսելոնա Պարտութիւն Մը Կրեց

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.