Սէուտական Արաբիա արդէն իսկ գործի անցած է եւ կը ցանկայ մարզադաշտ մը շինել 200 մեթր բարձրութեան վրայ, որ տեղակայուած պիտի ըլլայ ժայռի մը եզրին: Նախագիծին արժէքը կրնայ կազմել մօտ 1 միլիառ ամ. տոլար:
Նոր մարզադաշտը կը նախատեսուի շինել Քիտիա աւանին մէջ, որ մայրաքաղաք Ռիատի արուարձաններուն մէջ կը գտնուի: Այդ դաշտը պիտի ըլլայ աշխարհի ամէնէն հետաքրքրական դաշտերէն մէկը` 200 մեթր բարձրութեան վրայ ըլլալով:
Արդիական դաշտին կառուցումը կը ծրագրուի յայտնի ճարտարապետական ընկերութեան` «Փոփըլըս»-ի կողմէ այնպէս մը, որ համակիրները ամէն տեսակ տեղեկութիւն կրնան ստանալ ֆութպոլ դիտած պահուն` դաշտին բոլոր կողմերը զետեղուելիք պաստառներէն:


