Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդանեանի Փաստաբանը Կը Պնդէ. «Ռուբէն Վարդանեանի Նկատմամբ Խոշտանգումները Հերքող Փաստեր Չկան»

December 17, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Առաւել քան մէկ տարիէ ի վեր Ազրպէյճանի մէջ բանտը պահուող Արցախի պետական նախկին նախարար Ռուբէն Վարդանեանի փաստաբանը` Ճերըտ Կենսըր, կը յայտարարէ, թէ Ալիեւի վարչակազմը որեւէ համոզիչ փաստ չէ ներկայացուցած ապացուցելու, որ իր պաշտպանեալը բանտին մէջ չեն խոշտանգած:

Կենսըր «Ազատութեան» ազրպէյճանական ծառայութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին եւս ահազանգեց, որ Ալիեւի վարչակազմը հետեւողականօրէն կը մերժէ Պաքու այցելելու իր դիմումները:

«Ազրպէյճանի կառավարութիւնը իր եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին (ԿԽՄԿ) անունով յայտարարեց, որ Ռուբէն Վարդանեան խոշտանգումներու չէ ենթարկուած: Կրնամ պնդել, որ այդ յայտարարութիւն սուտ է: Սուտ է, որովհետեւ ԿԽՄԿ-ն ամբողջ աշխարհի մէջ կ՛աշխատի նոյն սկզբունքով, երբեք ո՛չ հրապարակային, ո՛չ ալ գաղտնի կերպով կը բացայայտէ, թէ արդեօք անձը ենթարկուա՞ծ է խոշտանգումներու, թէ՞ ոչ: Այդ միակ ձեւն է, որ կ՛երաշխաւորէ այդ երկիրը անոնց մուտքը», ըսաւ Կենսըր:

Այս տարուան յունիսին Կենսըր եւ Վարդանեանի ընտանիքը հրատապ դիմում մը ներկայացուցին ՄԱԿ-ի Խոշտանգումներու դէմ կոմիտէին` պահանջելով դատապարտել Արցախի նախկին պաշտօնատարին նկատմամբ դաժան վերաբերմունքը: Այդ նամակին մէջ անոնք յայտնեցին, որ ապրիլին հացադուլի մէջ գտնուող Վարդանեանը տեղափոխած են պատժախուց` զրկելով զայն խմելու ջուրէ, քնանալու եւ արտաքին աշխարհին հետ կապի կարելիութենէն եւ մենախուցին մէջ լոյսը վառած պահած են 24 ժամ, ստիպած անոր` երկար ժամանակ ոտքի կանգնած մնալ:

Ազրպէյճանի իշխանութիւնը հերքեց նշեալ պնդումները` նոյն ատեն նաեւ մերժելով բանտ այցելելու եւ տեղւոյն վրայ իրավիճակին ծանօթանալու Կենսըրի դիմումը` «անկարելի դարձնելով ապացոյցներ հաւաքելը»:

«Միակ ապացոյցը, որ ես կրնամ ստանալ, Ռուբէնին խօսքերն են: Եթէ Վարդանեանը իսկապէս չեն խոշտանգած, արդարանալու կամ պահելու բան չունին: Սակայն անոնք կոմիտէին անունով անամօթաբար կեղծ տեղեկութիւններ կը տարածեն: Ես ուրախ պիտի ըլլամ, եթէ դուք Ազրպէյճանի կառավարութեան հարցնէք, թէ ինչո՞ւ փաստաբան Ճերըտ Կենսըրին թոյլ չեն տար այցելել Ազրպէյճան եւ անձամբ տեսակցիլ Ռուբէն Վարդանեանի հետ», աւելցուց Կենսըր:

Կենսըր քսան տարիներու փորձառութիւն ունեցող ամերիկացի փաստաբան-իրաւապաշտպան է, որ տարբեր երկիրներու մէջ հարիւրաւոր քաղաքական բանտարկեալներու դատեր հետապնդած է: «Նիւ Եորք Թայմզ»-ը Կենսըրը կը կոչէ «կորզիչ», որ կրցած է աշխարհի 20 երկիրներու մէջ հասնիլ առաւել քան 340 քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման:

«Ազատութեան» ազրպէյճանական ծառայութեան հետ զրոյցին ընթացքին Կենսըր  քանի մը անգամ պնդեց, որ Արցախի վրայ Ազրպէյճանի յարձակումէն եւ հայաթափումէն ետք գերի դարձած Ռուբէն Վարդանեան, զոր Ալիեւի վարչակազմը կը մեղադրէ ահաբեկչութենէն մինչեւ ապօրինի զինուած խմբաւորումներու կազմաւորման մէջ, քաղաքական բանտարկեալ է: Պատասխանելով լրագրողին այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ  Վարդանեանը քաղաքական բանտարկեալ կը նկատէ, Կենսըր ըսաւ. «Որովհետեւ ան բացէ ի բաց քննադատած է Իլհամ Ալիեւը, ընդդիմացած` անոր քաղաքականութեան: Տամ օրինակ մը, թէ որքա՛ն ծիծաղելի են պարոն Վարդանեանին դէմ առաջադրուած մեղադրանքները: Ան համահիմնադիրն է «Օրորա» մարդասիրական կազմակերպութեան, որ մարդասիրական մրցանակ կը շնորհէ աշխարհը աւելի լաւ դարձնող անձերու կամ կազմակերպութիւններու: Բայց ասիկա ներկայացուցած են Ռուբէն Վարդանեանի դէմ իբրեւ ապացոյց` առ այն, որ ան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ֆինանսաւորած է ապօրինի ահաբեկչական գործունէութիւն, ֆինանսաւորած` զինուած խմբաւորումներ»:

Արձագանգելով ազրպէյճանցի լրագրողին այն դիտարկման, որ Լեռնային Ղարաբաղը, ուր պաշտօն կը վարէր Վարդանեան, Ազրպէյճանի միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածք է, Կենսըր ըսաւ, որ Վարդանեան պետական պաշտօն ստանձնած է այդ տարածքին մէջ բնակող ժողովուրդին կողմէ ընտրուած պաշտօնատարներուն որոշումով, իսկ տարածքի պատկանելիութիւնը` «Պաքուին չ՛արտօներ ընել այն, ինչ որ ուզէ»: «Նոյնիսկ եթէ համաձայն էք Ազրպէյճանի այդ պնդման, այդ մէկը իրաւունք չի տար այդ տարածքին մէջ ցեղային զտում կատարել: Ճի՞շդ է: Գիտէք` Ազրպէյճան Ժընեւի համաձայնագիրի մասնակից է, նաեւ` ցեղասպանութեան վերաբերող», ըսաւ Կենսըր` մատնանշելով միջազգային իրաւունքին դանդաղ կերպով գործելը, եւ որ որոշումները ցանկալի արագութեամբ չեն տրուիր: Ան բերաւ Ռուանտայի օրինակը. հակառակ տեղւոյն վրայ մարդոց դիակներու տեսարաններուն` աշխարհը չէր շտապեր տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն որակելու. անոր համար տարիներ պահանջուեցան:

«Եւ երբ 120 հազար անձեր կը տեղահանես միջազգային սահմաններէն, որովհետեւ այդ ձեր տարածքն է, եւ կրնաք ընել այն, ինչ որ ուզէք, եւ որ` դուք գերիշխան պետութիւն էք եւ երկիր կը կառավարէք, չի նշանակեր, որ կրնաք զանգուածային վայրագութիւններ ընել բացարձակ անպատժելիութեամբ եւ մտածել, որ այդ ամէնը բնական է, որովհետեւ ասիկա մեր տարածքն է», ըսաւ Կենսըր:

Ռուբէն Վարդանեան մէկն է Ազրպէյճանի մէջ պահուող 23 հայ գերիներէն, որոնց կարգին են նաեւ Արցախի միւս առաջնորդները, որոնց դէմ եւս ներկայացուած են ծանրագոյն մեղադրանքներ: Կենսըր շեշտեց, որ անոնց արդար դատավարութեան իրաւունքը խախտած է առաւել քան մէկ տարիէ ի վեր, նախնական բանտարկութեան տակ են` զրկուած պատշաճ պաշտպանութենէ:

Արդեօք պաշտօնական Երեւան որեւէ քայլի ձեռնարկա՞ծ է Վարդանեանը ազատ արձակելու համար. Կենսըր յորդորեց հարցումը ուղղել Հայաստանի իշխանութիւններուն` շեշտելով, որ ինք չ՛աշխատիր այդ երկրի կառավարութեան համար: Ազրպէյճանի նկատմամբ միջազգային հնարաւոր ճնշման մասին հարցումին Կենսըր պատասխանեց` ըսելով, թէ` «Կան տեսանելի եւ ոչ տեսանելի գործընթացներ»:

Նախորդը

ԼՕԽ-ի 95-Ամեակին Նուիրուած Օրացոյցը` Մեր Տուներուն Զարդը

Յաջորդը

Հայ Ազգը Ունի Ապագայ` Առանց Կործանարար Զիջումների, Եւ Չունի Ապագայ Այդպիսի Զիջումներով

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.