Օր մը առաջ կորսնցնելէ ետք 11-րդ ճակատումին, աշխարհի ախոյեան Տինկ Լիրեն անսխալ մրցումէ մը ետք պարտութեան մատնեց հնդիկ վարպետ Կուքեշ Տին 12-րդ ճակատումին:
Այժմ արդիւնքը 6-6 է, եւ տակաւին 2 ճակատում կայ: Հաւասարութեան պարագային պիտի շարունակուին ճակատումները, մինչեւ յաղթականի հռչակումը:
Չինացի Լիրենը կը փորձէ պահել իր տիտղոսը, մինչ Կուքեշ կը փորձէ դառնալ ամէնէն երիտասարդ աշխարհի ախոյեանը 18 տարեկանին:
Նշենք, որ այս ճակատումը 138 տարուան ընթացքին առաջինն է, ուր երկու ասիացի վարպետներ կը մրցին իրար դէմ:
Սինկափուրի մէջ տեղի ունեցած այս ճակատումներուն, ինչպէս նշեցինք, թայ-պրէյքի պիտի դիմուի հաւասարութեան պարագային (14 մրցումներէ ետք):


