Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Գեղարդ». «Նոյի Դամբարանի Ազրպէյճանական Իւրացումը»

December 10, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Գեղարդ» գիտավերլուծական հիմնադրամը ահազանգ կը հնչեցնէ Նոյի դամբարանի ազրպէյճանական իւրացման մասին.

«Աստուածաշունչի մէջ յիշատակուած համաշխարհային ջրհեղեղին կ՛առնչուի Նախիջեւան անունը, իսկ Նախիջեւան քաղաքը կը համարուի Նոյ նահապետի կողմէ հիմնադրուած հնագոյն բնակավայրերէն մէկը Հայաստանի մէջ: Ըստ աւանդութեան, Նոյը, Աստուծոյ կամքով փրկուելով ջրհեղեղէն. Արարատ լերան գագաթէն իջած է մերձակայ հարթավայրը եւ իջեւանած վայրի մը մէջ, որ հետագային կոչուած է Նախիջեւան («նախնական իջեւան»): Բազմաթիւ պատմութիւններ կան. թէ Նոյ նահապետը թաղուած է Նախիջեւանի մէջ 13-րդ դարու հայ պատմիչ Վարդան Արեւելցի կը գրէ. «Ի Նախջուան է տապանն մեծ նահապետին Նոյի եւ Նեմզարայ ի Մարանդ»:

Կ՛ըսուի, որ Նոյի դամբարանը գտնուած է Նախիջեւան քաղաքի հարաւային կողմը` հայկական հին գերեզմանատան մէջ: Դամբարան-մատուռը երկյարկանի եղած է: Նախիջեւանի քաղաքային ուսումնարանի տեսուչ, մանկավարժ Կ. Ա. Նիկիթին նշած է, որ Նոյի գերեզմանը գտնուած է քաղաքի հարաւային կողմը` հին բերդի մնացորդներուն մօտ: Իր ներկայի տեսքով ան վերականգնուած է պարսիկներու կողմէ: Հոն նախապէս եկեղեցի եղած է, որ հետագային աւերուած է. սակայն մատուռը նախկին եկեղեցւոյ մնացորդն է: Մատուռի ներքին տեսքը քարայրի կը նմանի` մէջտեղը կամարներով յենած քարէ սիւնով: Ըստ հայկական աւանդութեան, հոն կը գտնուին Նոյ նահապետի մասունքները: Ռուս ծանօթ գրող եւ ճանապարհորդ Եւկենի Մարքով կը նշէ. որ Նախիջեւան կը գտնուի այն վայրը, ուր ըստ հայերու հաւատալիքներուն, տապանէն դուրս ելլելէ ետք հաստատուած, ապա մահացած է Նոյ նահապետը, իսկ «Նախիջեւան» բառը հին հայերէնի մէջ բառացիօրէն կը նշանակէր «առաջին բնակավայր»: Նոյի գերեզմանի մասին կը յիշատակէ նաեւ պատմաբան եւ ազգագրագէտ Իվան Շոփէն:

1852-ին հրատարակուած «Կովկասեան օրացոյց»-ին մէջ նշուած է, որ հայկական բազմաթիւ յուշարձաններ մահմետականներու կողմէ ենթարկուած են աւերածութիւններու: Կանգուն մնացած է Նոյի դամբարանը, որ կը համարուի հայկական քրիստոնէական կառոյց:

1930-ական թուականներուն Նախիջեւանի ազրպէյճանական իշխանութիւնները աւերած են մատուռը: Սակայն 2006-ին ազրպէյճանցիները «վերյիշած» են այդ յուշարձանի մասին վերականգնելով զայն մահմետական յուշարձաններուն յատուկ nճով:

Հարկ է նշել, որ Նոյի դամբարանը Նախիջեւանի մէջ եղած հայկական միւս կոթողներու նման հիմնայատակ չէ աւերուած մի՛այն այն պատճառով, որ մահմետականները Նոյ նահապետը եւս համարած են մեծ մարգարէ: Աւելցնենք, թէ ներկայիս ազրպէյճանական քարոզչամեքենան կը փորձէ ապացուցել, որ դամբարանը մահմետական մշակութային կոթող մըն է` ժխտելով ակնյայտ փաստերն ու վկայութիւնները, որ ան եղած է հայկական սրբատեղի, ուխտատեղի ու դարեր շարունակ կանգուն մնացած է հայերուն շնորհիւ»:

Նախորդը

Չափ Ու Սահման Չմնաց Ազրպէյճանի Յերիւրանքներուն

Յաջորդը

Տիգրան Թորոսեանի «Արցախ. Ի՞նչ Ընել» Համապարփակ Յօդուածը Յոյս Կը Ներշնչէ

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.