Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դպրեվանեցիներն ու Թռչնիկները Եղբայրացած Են

December 9, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՒԵՏԻՔ ՎՐԴ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Գաբրիէլի եւ Միքայէլի հրեշտակապետաց տօնն էր: Առաւօտեան ժամերգութիւնը, աւանդութեան համաձայն, նոյնն էր, բայց` մթնոլորտը տարբեր: Մատուռը նոյնն էր, աղօթքներն ու սաղմոսներն ալ` նոյնը. նոյնիսկ նստարանները նոյնն էին, սակայն թռչնիկները («Թռչնոց բոյն»-ի աշակերտները) անոնց վրայ իրենց տաքուկ բոյնը դրած, իրենց ոտքերը կ՛օրօրէին, որովհետեւ տակաւին անոնք գետին չէին հասներ:

Աղօթքներուն, մաղթանքներուն, սաղմոսասացութիւններուն եւ շարականներուն կը միախառնուէին «թռչնիկներուն» ծլվլոցը. անոնք երբեք չէին խանգարեր, այլ կը գեղգեղէին:

Միասին աղօթեցինք: Անկատար էակներուս` մեղաւորներուս շրթներէն ելած աղօթքներուն միացած էին անմեղներունը` Քրիստոսի սիրելի մանուկներուն աղօթքները: Թէկուզ անոնց աղօթքը ամփոփ է եւ մեծերուն պէս երկար-բարակ չէ շարահիւսուած, սակայն քանի մը բառով անկեղծ խօսակցութիւն` Տիրոջ հետ: Երանելի՜ են անոնք…

* * *

Վայրկեաններ իսկ չանցած` դպրեվանեցիներն ու թռչնիկները եղբայրացած էին: Անոնք մէկ ընտանիք դարձած էին. ամէնէն նշմարելին եւ տպաւորիչը դպրեվանեցիներուն գուրգուրանքն էր  այդ բարի մանուկներուն հանդէպ, որոնք շրջափակին մէջ խաղալով կը վազվզէին:

Ամէնէն տպաւորիչ երեւոյթներէն էր հետեւեալ դիպուածը:

Մանուկներէն մին գնդախաղի պահուն իր տարիքին պատճառով պէտք եղած ուժը չունէր գնդակը կոլ նշանակելու, սակայն դպրեվանեցի մեծ եղբայրներու զօրակցութեամբ գնդակը կոլ կը նշանակէր. մանուկին զուարճութիւնն ու ուրախութիւնը անծայրածիր էր: Դպրեվանեցիներ հասկցած էին օրուան նպատակը` ուրախացնել եւ գոհ պահել մանուկները, որոնք եկած էին եղբայրանալու իրենց հետ:

Այս երեւոյթը մեզի կեանքի պատգամ ունի փոխանցելիք. ուրիշը յաջողութեան առաջնորդել եւ ուրիշին յաջողութեամբ ուրախանալ: Կեանքի ազնուագոյն հոգիներն ունեցողները միայն կրնան այս երկուքը կեանքի թարգմանել: Վստա՛հ եղէք` յիշեալ երկու արժէքները կատարողներ ներքնապէս առողջներ են եւ ոչ` տառապողներ: Կեանքի մէջ բոլորս կ՛ուզենք յաջողութիւն արձանագրել, բայց ատիկա մենաշորհում չէ, այլ` ընդհանուրին իրաւունքը: Այդ դպրեվանեցիին նման` օգնենք անոնց, որոնք տակաւին իրենց երազած յաջողութեան հասնելու պէտք եղած ուժը չունին, որովհետեւ պիտի գայ օրը, երբ մենք եւս փափաք մը իրականացնելու դժուարութիւնը պիտի ունենանք եւ պիտի ուզենք մեր նմանին քաջալերանքն ու կարեկցանքը: Կեանքը յարաբերական է. այսօր դուն ուրիշին օգտակար կը դառնաս եւ վաղը` ուրիշը քեզի:

* * *

Դպրեվանեցիներն ու թռչնիկները չէին կրնար իրարմէ բաժնուիլ: Երկուստեք աչքերու մէջ գոհունակութենէ եկող փայլք կար: Անոնք բաժանման պահուն չէին կրնար իրարու ձեռքերը ձգել: Այնքա՜ն ուրախ եւ ապահով էին իրարու հետ, որ երբ հանրակառքով կը վերադառնային իրենց բոյնը, տակաւին հանրակառքի պատուհաններէն ու ապակիներէն դէպի ետեւ կը նայէին չբաժնուելու փափաքով եւ յոյսով: Ընտանիք մը չի՛ բաժնուիր, անոնք մեզմէ եւ մենք իրենցմէ մաս ու բաժին ենք: Անոնք մերն են, եւ մենք` իրենցը: Անոնք մեր եղբայրներն ու քոյրերն են, եւ մենք` իրենց եղբայրները:

Հրեշտակներ են անոնք, եւ դպրեվանեցիներ, որոնք լաւատեղեակ են հրեշտակներու գաղափարէն, կրցան անոնց մէջ հրեշտակը, անկեղծը, մաքուրը, անմեղը եւ մանաւա՛նդ` Աստուծոյ պատկերն ու նմանութիւնը տեսնել:

Ահաւասիկ հրեշտակ թռչնիկներն, ու հոգատար դպրեվանեցիները  եղբայրացած էին…

 

Նախորդը

«Ես Կ՛աշխատիմ Անմեղ Հոգիներու Հետ»

Յաջորդը

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութիւը «Արփի» Հրատարակչատան Նպաստ Կը Յատկացնէ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.