ԲԱԽՏԱՒՈՐՈՒԱԾ
Արամ եւ Մելինա Լոզոյեան բախտաւորուած են առջինեկ աղջիկ զաւակով մը`
ԱԼԻՔԻ
6 դեկտեմբեր 2024
Փարիզ
————————————–
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Զէյթունլեան ընտանիքի անդամները շնորհակալութիւն կը յայտնեն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեանի, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութեան ուղղորդումի եւ արեւելումի տնօրէնութեան ներկայացուցիչներուն, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութեան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի խնամակալութեան, տնօրէնութեան եւ անձնակազմին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդին, ՀՄԸՄ-ի Հեծելարշաւի յանձնախումբին եւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, ե-նամակով եւ առցանց միջոցներով մասնակից եղան իրենց կնոջ, մօր եւ հարազատին` ԻՍԿՈՒՀԻ ԶԷՅԹՈՒՆԼԵԱՆի մահուան սուգին:
————————————–
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
Ի յիշատակ 100-ամեայ ՀՄԸՄ-ի նահատակներուն ու ննջեցեալներուն, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 8 դեկտեմբեր 2024-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԾԱՆՕԹ.- Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, ներկաները հրաւիրուած են հոգեսուրճի, «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
————————————–
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԻՍԿՈՒՀԻ ԶԷՅԹՈՒՆԼԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 8 դեկտեմբեր 2024-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԱԼԻՍ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆի մահուան 4-րդ տարելիցին եւ ՄԱՆՈՒԷԼ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆի մահուան 13-րդ տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 8 դեկտեմբեր 2024-ին, Էշրեֆիէի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ սուրբ պատարագի:
————————————–
ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ
ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութիւնը ձեզ կը հրաւիրէ մասնաճիւղիս անդամական ընդհանուր ժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Ներկաներուն թիւը մեծամասնութիւն պիտի նկատուի երեկոյեան ժամը 8:00-ին:
ՀՄԸՄ-Ի ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ


