Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաքրոն Ու Պըն Սալման Կոչ Կ՛ուղղեն Լիբանանի Նախագահ Ընտրելու Եւ Կը Հաստատեն Զինադադարի Ամրապնդման Դիւանագիտական Իրենց Ջանքերու Շարունակումը

December 4, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Էլիզէի պալատը յայտարարեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն 2-4 դեկտեմբերին Սէուտական Արաբիա իր պետական այցելութեան ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած է Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման Պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ իշխանին հետ:

Երկու ղեկավարները ողջունած են ստորագրումը Ֆրանսայի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան, որ կարելի պիտի դարձնէ աւելցնել գործակցութիւնը եւ բոլոր ոլորտներուն մէջ, ներառեալ պաշտպանութեան, ուժանիւթի տեղափոխման, մշակութային, երթեւեկի կամ մեծ ձեռնարկներու կազմակերպման մէջ շօշափելի արդիւնքներու արձանագրումը:

Մաքրոն եւ Պըն Սալման համաձայնած են միասնաբար աշխատիլ` պատրաստելու համար արհեստական բանականութեան վերաբերեալ աշխատանքի գերաստիճանը, որ փետրուարի սկիզբը պիտի գումարուի Փարիզի մէջ:

Անոնք նաեւ քննարկած են շրջանային կացութիւնը եւ համաձայնած ամէն ջանք թափելու` նպաստելու համար շրջանին մէջ մագլցումի դադրեցման:

«Նախագահին ու գահաժառանգին առաջնահերթութիւնը Կազայի մէջ առանց յաւելեալ ուշացումի զինադադարի հաստատումն է` ազատագրելու համար բոլոր գերիները եւ մարդասիրական օժանդակութիւններու մատակարարման ճամբով պաշտպանելու համար քաղաքային բնակչութիւնը, ինչպէս նաեւ նպաստելու երկու պետութիւններու հիմամբ քաղաքական լուծման որոնման գործողութիւններուն», նշեց Էլիզէի պալատը:

«Մաքրոն եւ Պըն Սալման հաստատեցին, որ պիտի շարունակեն դիւանագիտական ջանքերը ամրապնդելու համար Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ զինադադարը, որ Մաքրոն եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարեցին երեքշաբթի, 26 նոյեմբերին», նշեց պալատը` ընդգծելով. «Անոնք միասնաբար կոչ ուղղեցին` Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելու, միախմբելու համար լիբանանցիները եւ երկրին կայունութեան ու անվտանգութեան համար անհրաժեշտ բարեկարգումները կատարելու»:

 

Նախորդը

Միքաթի. «Զինադադարի Որոշումին Իսրայէլեան Խախտումներու Դադրեցման Համար Դիւանագիտական Հաղորդակցութիւնները Կը Շարունակուին»

Յաջորդը

Իսրայէլ Կը Շարունակէ Զինադադարը Խախտել

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.