«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, տեղի ունեցան շատ հետաքրքրական ճակատումներ, որոնցմէ մէկուն ընթացքին Քլիվլենտ Քեվելիրզ իր 12 կէտի ուշ մնալը յաղթանակի վերածեց 4-րդ մասին եւ 4 կէտի առաւելութեամբ յաղթեց ախոյեան Պոսթըն Սելթիքսի:
Տոնավըն Միչել 4 հատ յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց (4-րդ մասին) ի նպաստ Քլիվլենտի, որ 43 կէտ նշանակեց վերջին մասին, Պոսթընի 27-ին դիմաց:
Միչել մրցումը աւարտեց 35 կէտով, մինչ Տարիըս Կարլենտ 22 կէտ աւելցուց ի նպաստ Քեվելիրզի` արձանագրելով 18-րդ յաղթանակը 3 պարտութեան դիմաց: Ճէյսըն Թէյթըմ 33 կէտ նշանակեց ի նպաստ Պոսթընի:
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 105-104 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Եութա Ճեզի դաշտէն, ուր Լըպրոն Ճէյմս 27 կէտ եւ 14 էսիսթ ձեռք ձգեց, մինչ Անթոնի Տէյվիս նշանակեց 33 կէտ եւ ձեռք ձգեց 11 ռիպաունտ ի նպաստ Լէյքըրզի, որ իր 12-րդ յաղթանակը արձանագրեց 20 մրցումներու ընթացքին:
Տալաս Մեւրիքս այս անգամ առանց Քայրի Ըրվինկի խաղցաւ, բայց Լուքա Տոնչիչի վերադարձով կրցաւ 137-131 արդիւնքով յաղթել Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզի դաշտին վրայ:
Տոնչիչ, որ 5 մրցումներէ կը բացակայէր, ձեռք ձգեց 36 կէտ եւ 13 էսիսթ, մինչ Քայրի ուսի ցաւի պատճառով չմասնակցեցաւ այս մրցումին: Անֆըրնի Սիմոնզ 27 կէտ նշանակեց ի նպաստ Փորթլենտի, որ իր 13-րդ պարտութիւնը կրեց, մինչ Տալաս իր 13-րդ յաղթանակը արձանագրեց 21 մրցումներու ընթացքին:
«Տաք մրցում» էր նաեւ Լոս Անճելըս Քլիփըրզ-Տենվըր Նակեթց ճակատումը, ուր փայլեցաւ Ճէյմս Հարտըն, որ 39 կէտ, 11 էսիսթ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Քլիփըրզի: Նիքոլա Եոքիչ 28 կէտ, 14 ռիպաունտ եւ 11 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Նակեթցի, որ իր 8-րդ պարտութիւնը կրեց 18 մրցումներու ընթացքին:
Ասիկա Քլիփըրզի 13-րդ յաղթանակն էր 22 մրցումներու ընթացքին:
Հիուսթըն Ռոքեթց 119-116 արդիւնքով կարեւոր յաղթանակ մը տարաւ Օքլահոմա Սիթի Թանտըրի վրայ: Ֆրետ Վանվլիթ 38 կէտ նշանակեց ի նպաստ Հիւսթընի, որ իր 15-րդ յաղթանակը արձանագրեց 21 մրցումներու ընթացքին, մինչ Թանտըր կրեց իր 5-րդ պարտութիւնը 20 մրցումներու ընթացքին: Շէյ Կիլճիըս-Ալեքսանտր 32 կէտ նշանակեց ի նպաստ Թանտըրի:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Ինտիանա Փէյսըրզ 136-121
Պրուքլին Նեթց – Օրլանտօ Մեճիք 92-100
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Մայեմի Հիթ 119-116
Նիւ Եորք Նիքս – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 118-85
Քլիվլենտ Քեվելիրզ – Պոսթըն Սելթիքս 115-111
Հիուսթըն Ռոքեթց – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 119-116
Եութա Ճեզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 104-105
Սաքրամենթօ Քինկզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 125-127
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Տալաս Մեւրիքս 131-137
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Տենվըր Նակեթց 126-122


