Լիվըրփուլի յառաջապահ Մոհամետ Սալահ կրնայ տարեշրջանի աւարտին լքել Լիվըրփուլը եւ միանալ Ինթեր Մայեմիի:
Ամերիկեան ակումբի ղեկավարութիւնը Տէյվիտ Պեքհամի գլխաւորութեամբ կը պատրաստուի եգիպտացի ֆութպոլիստին շահաւէտ առաջարկ մը ներկայացնելու, եթէ ան որոշէ հեռանալ Լիվըրփուլէն այս եղանակի աւարտին:
Սալահի ծառայութիւններով հետաքրքրուած են նաեւ Սէուտական Արաբիոյ ախոյեանութեան ակումբներ, ինչպէս նաեւ Փարիզ Սեն Ժերմեն եւ Ինթեր Միլան: Յիշեցնենք, թէ Ինթեր Մայեմիի մաս կը կազմէ նաեւ արժանթինցի Լիոնել Մեսսի:


