Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլեան Բանակին Կողմէ Կրակոցի Դէպքեր. Իսրայէլեան Բանակը Հարաւային Լիբանանի Մէջ 10 Գիւղերու Բնակիչները Զգուշացուց Ցնոր Տնօրինութիւն Իրենց Տուները Վերադառնալէ

November 29, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի երէկ հարաւային Լիբանանի 10 գիւղերու բնակիչները զգուշացուց ցնոր տնօրինութիւն իրենց տուները վերադառնալէ:

Ան արգիլեց Շեպաա, Հըպպարիէ, Մարժաայուն, Առնուն, Եըհմոր, Քնէյթրա, Շաքրա, Պարաաշիթ, Եաթեր եւ Մանսուրի գիւղեր ու անոնց մերձակայքը վերադառնալ:

«Ներկայ փուլին ձեզի ցնոր տնօրինութիւն արգիլուած է այս գիծէն հարաւ գտնուող ձեր տուներ վերադառնալը», նշեց ան` աւելցնելով. «Այս գիծէն հարաւ ուղղուող ոեւէ անձ ինքզինք վտանգի կ՛ենթարկէ»:

Միւս կողմէ, «Նաշրա» կայքը երէկ առտու հաղորդեց. «Արշալոյսէն ի վեր Մարուն Ռասի եւ Մալիքիէի մերձակայքը գտնուող Այթարունի մօտ այլ շրջաններու մէջ կրակոցի ձայներ կը լսուին»:

Լիբանանի պետական լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ հարաւային Լիբանանի Այթա Շաապ գիւղն ու Պընթ Ժպէյլ քաղաքը գիշերանց իսրայէլեան հրետանիին կողմէ ռմբակոծումի ենթարկուած են:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը երէկ կէսօրուան մօտ հաղորդեց, որ իսրայէլեան հրետանին կը ռմբակոծէ հարաւային Լիբանանի Մարքապա եւ Թիպէ գիւղերը:

«Հատաս» իր կարգին հաղորդեց, որ իսրայէլեան հրասայլ մը կրակ բացած է հարաւային Լիբանանի Ուազզանի գիւղին ու Շեպաայի մերձակայքին վրայ:

Լիբանանի պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ իսրայէլեան հրասայլ մը Քֆարշուպայի մերձակայքին վրայ երկու ռումբ արձակած է:

«Մայատին» նաեւ հաղորդեց Պայսարիէի եւ Թֆահթայի միջեւ գտնուող Թպնա շրջանին ուղղութեամբ արձակուած կրակոցներու մմասին: Իսրայէլեան բանակը երէկ աւելի ուշ արգիլեց կէսօրէ ետք ժամը 5:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 7:00 Լիթանի գետէն հարաւ տեղափոխուիլը:

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռը իր կարգին յայտնեց. «Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը հարուածեց Մարքապայի մէջ ինքնաշարժ մը` զայն հեռացնելու համար արգիլեալ գօտիէն»:

Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց. «Նշմարեցինք հարաւային Լիբանանի մէջ շրջաններ կասկածելիներու ժամանումը, անոնցմէ ոմանք մեքենաներով, ինչ որ համաձայնութեան խախտում է»:

 

 

Նախորդը

Ըստ Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 12-րդ Կայանի. Լիբանանի Մէջ Համաձայնութեան Ճամբան Հարթած Ամերիկեան Փաստաթուղթը Գաղտնի Կէտեր Կը Բովանդակէ

Յաջորդը

Լը Տրիան Քննարկեց Նախագահի Ընտրութեան Թղթածրարը

RelatedPosts

«Հայաստան» Խմբակցութեան  Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն

November 10, 2026
Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի,  Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ  Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման  Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի, Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»

November 10, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը Յղեց Ապահովական Խորհուրդի Եւ ՄԱԿ-ի Անդամ Երկիրներու Դեսպաններուն

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.