Ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն յայտնեց. «Պէտք է վստահ ըլլալ, որ զինադադարը թշնամական գործողութիւններու մնայուն դադրեցում մըն է: Չենք ուզեր 2006 թուականին պատերազմի աւարտով տեղի ունեցածը կրկնել, եւ պէտք է համաձայնութիւնը ամբողջովին գործադրել»:
«Պէտք է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի բոլոր կէտերն ու սկզբունքները գործադրել` այդ մէկը երաշխաւորող հսկողութեան մեքանիզմի կողքին», աւելցուց Հոքշթայն:
Ամերիկացի պատուիրակը յոյս յայտնեց, որ «մենք համաձայնութեան ճամբով վերջ պիտի տանք տասնամեակներէ ի վեր այս շրջանին մէջ մեզի ծանօթ ամբողջ բռնարարքին, եւ զինադադարի հսկողութեան մեքանիզմը հիմա կը հիմնուի եւ աշխատանք կը տանի որեւէ խախտում արգիլելու: Լիբանանի մէջ ամերիկեան ուժեր պիտի չտեղակայենք, այլ լիբանանեան բանակին աջակցութիւն պիտի տրամադրենք»:
«Լիբանանեան եւ իսրայէլեան կողմերը զինադադարի համաձայնութեան եւ միջազգային օրէնքին հիմամբ ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը ունին», շեշտեց Հոքշթայն:


