Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն յայտնեց, որ «Իսրայէլ տկարացուց Հըզպալլան» եւ քանդեց հարաւային Լիբանանի մէջ անոր ենթակառոյցը:
Սալիվըն «Էմ.Էս.Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Ասիկա առիթի սկիզբ է աւելի կայուն Միջին Արեւելքի մը համար, ուր Իսրայէլի անվտանգութիւնն ու Ամերիկայի շահերը կ՛երաշխաւորուին»:
«Յաջողեցանք Լիբանանի մէջ զինադադարի համաձայնութիւն գոյացնել` առանց Միացեալ Նահանգները Միջին Արեւելքի պատերազմին մէջ ներքաշելու», աւելցուց ան:
«Այժմ մեր հետաքրքրութիւնը կը կեդրոնացնենք Կազայի մէջ զինադադարի հասնելու փորձին վրայ», նշեց Սալիվըն:
Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ համաձայնած է Կազայի մէջ գործարքի հասնելու նոր ջանքեր թափելու անհրաժեշտութեան շուրջ:
«Այժմ նոր առիթ կայ եւ կարելիութիւն` Կազայի մէջ զինադադարի եւ գերիներու շուրջ համաձայնութեան հոլովոյթը յառաջ մղելու», ըսաւ Սալիվըն` աւելցնելով. «Պայտըն աշխատանք կը տանի իր պատուիրակներուն Թուրքիոյ, Քաթարի եւ Եգիպտոսի միջոցով Կազայի մէջ գործարքի կնքման հասնելու ջանքերը վերակենդանացնելու»:


