Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին, որ Իսրայէլի եւ Լիբանանի հետ պիտի աշխատին Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատման համաձայնութեան ամբողջական գործադրութեան համար:
Անոնք իրենց հաղորդագրութեան մէջ նշեցին. «Վճռական ենք արգիլելու, որ տագնապը բռնութեան նոր փուլի պատճառ դառնայ»:
Երկու երկիրներու նախագահները շեշտեցին, որ այս համաձայնութիւնը «Իսրայէլը պիտի պաշտպանէ Հըզպալլայէն ու Լիբանանէն գործող ահաբեկչական կազմակերպութիւններէն»:
«Այս հարցը պիտի ստեղծէ անհրաժեշտ պայմանները` վերականգնելու տեւական հանդարտութիւնը, եւ Կապոյտ գիծի երկու կողմերու բնակչութեան պիտի արտօնէ ապահով կերպով վերադառնալ իրենց բնակավայրերը», յայտնեցին անոնք:
Պայտըն եւ Մաքրոն շեշտեցին, թէ Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան, որոնք շաբաթներէ ի վեր այս զինադադարին վրայ կ՛աշխատին, «յանձնառու են շրջանային կայունութիւնն ու բարգաւաճումը ամրապնդելու համար լիբանանեան բանակի կարողութիւններու ամրապնդման եւ ամբողջ Լիբանանի տարածքին տնտեսական զարգացումի ամրապնդման մէջ յառաջատար դերակատարութիւն ստանձնելու»:


