Թուրքիան արգիլած է Երեւանէն Պոլիս մեկնած քանատացի լրագրողի մուտքը` յայտարարելով, որ ան «սեւ ցուցակ»-ի վրայ է: Ան ետ ուղարկուած է:
Այս մասին Նիլ Հաուըր յայտնած է «Էքս» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ: Լրագրողը ենթադրած է, որ արգելքը կապուած է իր կողմէ Ազրպէյճանի հասցէին քննադատութիւններու եւ Արցախի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու, ներառեալ ցեղային զտումներու մասին հրապարակումներուն:
«Երէկ ինծի արգիլեցին մուտք գործել Թուրքիոյ Հանրապետութիւն: Զբօսաշրջային այցելութեան նպատակով Երեւանէն մեկնած էի Պոլսոյ Սապիհա Կէօքչեն օդակայան: Անձնագրային ստուգման ժամանակ ինծի մէկ կողմ տարին, տեղեկացուցին, որ «սեւ ցուցակ»-ի վրայ եմ, 16 ժամ պահեցին եւ արտաքսեցին», գրած է լրագրողը:
Հաուըր գրած է, որ պիտի բողոքարկէ արգելքը, որովհետեւ «ոչ մէկ յանցանք գործած է»:


