Ուքրանիան կորսնցուցած է Ռուսիոյ Քուրսք մարզին մէջ օգոստոսին անակնկալ ներխուժման ընթացքին գրաւած տարածքին աւելի քան 40 առ հարիւրը: Այս մասին «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած է ուքրանացի բարձրաստիճան զինուորական աղբիւրը:
«Մենք առաւելագոյնը կը վերահսկէինք շուրջ 1376 քառակուսի քիլոմեթրի, այժմ, ի հարկէ, այս տարածքը աւելի փոքր է, հակառակորդը կը մեծցնէ իր հակայարձակումները», «Ռոյթըրզ»-ին ըսած է Ուքրանիոյ սպայակոյտի ներկայացուցիչը:
Քուրսքի յարձակումի Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ի վեր օտար ուժերու Ռուսիա առաջին ցամաքային ներխուժումն էր: Այդ գործողութեամբ Քիեւը յոյս ունէր կասեցնել ռուսական յարձակումները Ուքրանիոյ արեւելեան եւ հիւսիսարեւելեան հատուածներուն մէջ, ստիպել Մոսկուային ետ քաշել իր ուժերը, որոնք աստիճանաբար յառաջ կը շարժէին դէպի արեւմուտք եւ Քիեւին լրացուցիչ լծակներ տալ ապագայ խաղաղ բանակցութիւններուն մէջ: Սակայն ռուսական ուժերը կը շարունակեն կայուն յառաջխաղացքը մասնաւորաբար Տոնեցքի շրջանին մէջ:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին յայտարարած է, որ Ռուսիան կը ձգտի մինչեւ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի պաշտօնավարման մեկնարկը Քուրսքէն դուրս մղել ուքրանական զօրքերը:
«Ռուսիոյ համար շատ կարեւոր է ցոյց տալ, որ Քուրսքի մէջ կացութեան կը վերահսկէ», լրագրողներուն ըսած է Զելենսքի:


