Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի աշխատանքային փոխանցման խմբակը կը կազմէ ցուցակ մը ներկայ եւ նախկին ամերիկացի բարձրաստիճան զինուորականներու, որոնք ուղղակի կերպով մասնակցած են Աֆղանիստանէն ամերիկեան ուժերու հեռացման:
Անոնք նաեւ կուսումնասիրեն, թէ կարելի՞ է զանոնք դատի ենթարկել այդ գործողութեան իրենց մասնակցութեան համար: Այս մասին ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են ամերիկացի պաշտօնատար մը եւ ծրագիրին ծանօթ անձ մը:
Ամերիկացի պաշտօնատարն ու լաւատեղեակ անձը պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, թէ իշխանութեան փոխանցման գործողութեան մասնակից պաշտօնատարներ կը մտածեն քննել 2021 թուականին Աֆղանիստանէն հեռացման շուրջ հետաքննիչ յանձնախումբ ստեղծել հարցը, ներառեալ հաւաքել տեղեկութիւններ բոլոր անոնց մասին, որոնք բանակին մէջ որոշումի գոյացման ուղղակի կերպով մասնակցած են, եւ թէ գործողութիւնը ինչպէ՞ս գործադրուեցաւ, եւ արդեօք զինուորական ղեկավարները պէ՞տք է դաւաճանութեան նման վտանգաւոր յանցանքներով մեղադրուին:


