Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Քեվելիրզ Շարունակեց Իր Ճամբան. Ճորճ Վիրաւորուեցաւ

November 22, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Քլիվլենտ Քեվելիրզ, օր մը առաջ կրելէ ետք իր առաջին պարտութիւնը (Սելթիքսէն), 15 յաջորդական յաղթանակներէ ետք կրցաւ վերագտնել ինքզինք եւ 128-100 արդիւնքով յաղթեց Նիւ Օրլինզ Փելիքընզի իր դաշտին վրայ:

Թայ Ճերոմ, որ կը փոխարինէր վիրաւոր Տարիուս Կարքընտը նշանակեց, իր ասպարէզի առաւելագոյն կէտերը (29 կէտ):

Մրցումին սկիզբէն մինչեւ վերջ Քլիվլենտ առիթ չտուաւ Նիւ Օրլինզին, որմէ կը բացակայէր Պրենտըն Ինկրամ:

Վերջին տարիներու լաւագոյն խումբերէն Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ, որ այս տարի ձեռք ձգած էր Փոլ Ճորճը` աւելի զօրացնելու իր խումբը, երէկ առաջին անգամ ըլլալով դաշտ ներկայացած էր իր աստղ եռեակով` Ժոել Էմպիիտ, Փոլ Ճորճ եւ Թայրիս Մեքսի, որոնք վերջապէս ապաքինած էին:

Սակայն պատահեցաւ չսպասուածը եւ Ճորճ ծունկը վիրաւորեց` մասնակցելով մօտ 17 վայրկեան միայն: Ճորճ 2 կէտ, 4 ռիպաունտ եւ 2 էսիսթ ձեռք ձգեց: Թայրիս Մեքսի 8 կէտ կրցաւ նշանակել 20 վայրկեաններու ընթացքին: Ժոել Էմպիիտ եղաւ Ֆիլատելֆիա 76-ըրզի լաւագոյնը` նշանակելով 35 կէտ եւ 11 ռիպաունտ: Ճերըտ Մաքէյն 20 կէտ աւելցուց ի նպաստ Ֆիլատելֆիա 76-ըրզի, որ սակայն կրեց իր յաջորդական 5-րդ պարտութիւնը: Ֆիլատելֆիա իր 14 մրցումներէն միայն 2-ը կրցած է յաղթել այս տարեշրջանին: Մեմֆիսի լաւագոյն մարզիկն էր Տեզմընտ Պէյն, որ 21 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:

Նիւ Եորք Նիքս Արիզոնայի մէջ կրցաւ պարտութեան մատնել Ֆինիքս Սանզը` 138-122 արդիւնքով: Նիւ Եորքի հիմնական հինգ մարզիկներն ալ 10-է աւելի կէտեր նշանակեցին` արձանագրելով 4-րդ յաջորդական յաղթանակը, մինչ Ֆինիքս, որ վիրաւորներով «հարուստ» է, կրեց իր յաջորդական 5-րդ մրցումը:

Ճէյլըն Պրանսըն 36 կէտ եւ 10 էսիսթ ձեռք ձգեց, մինչ Քարլ-Անթոնի Թաունզ աւելցուց 34 կէտ եւ 11 ռիպաունտ: Ճոշ Հարթ նշանակեց 19 կէտ եւ 11 ռիպաունտ, Օ. Ճի. Անունոպի (14 կէտ) եւ Միքալ Պրիճզ (16 կէտ) ամբողջացուցին Նիւ Եորքի հնգեակը:

Սանզի միակ փայլուն մարզիկն էր Տեւըն Պուքըր, որ 33 կէտ նշանակեց: Նշենք, որ Սանզէն կը բացակայէին վիրաւորներ Պրետլի Պիլ, Քեւըն Տիւրենթ եւ Ճէյլըն Պրիճզ:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Օրլանտօ Մեճիք 104-93
Ֆինիքս Սանզ – Նիւ Եորք Նիքս 122-138
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Աթլանթա Հոքս 120-97
Հիւսթըն Ռոքեթց – Ինտիանա Փէյսըրզ 130-113
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 117-111
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 109-99
Քլիվլենտ Քեվելիրզ – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 128-100
Միլուոքի Պաքս – Շիքակօ Պուլզ 122-106

Նախորդը

«Ֆորմիւլա 1» Այս Շաբաթավերջին` Վեկասի Կրան Փրին

Յաջորդը

Թաթա Մարթինօ Հրաժարեցաւ

RelatedPosts

Փարաբազկամարտ.  Հայաստան 5 Մետալ Նուաճեց
Մարզական

Փարաբազկամարտ. Հայաստան 5 Մետալ Նուաճեց

November 10, 2026
Ճատրակ.  Ռոպերթ Փիլիպոսեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Ճատրակ. Ռոպերթ Փիլիպոսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

November 10, 2026
Վան Տայք Շատ Հաւանաբար  Միանայ Պարսելոնային
Մարզական

Վան Տայք Շատ Հաւանաբար Միանայ Պարսելոնային

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.