Ինթեր Մայեմիի գլխաւոր մարզիչ Թաթա Մարթինօ անակնկալ ձեւով ներկայացուց իր հրաժարականը խումբին ղեկավարութեան:
Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, երկու կողմերը համաձայնած են խզել պայմանագիրը Մարթինոյի անձնական պատճառներով:
Մարթինոյի պայմանագիրը կ՛աւարտէր 2025-ի աւարտին: Նշենք, որ Մարթինոյի մարզած խումբը` Ինթեր Մայեմի, որ կը պատկանի մեծ մասամբ անգլիացի Տէյվիտ Պեքհամի, ձեռք ձգած էր 74 կէտ «Էմ. Էլ. Էս.»-ի բնական ախոյեանութեան` գրաւելով առաջին դիրքը, սակայն դուրս մնացած էր փլէյ-օֆի առաջին մրցումէն, պարտուելէ ետք Աթլանթա Եունայթըտէն, 2-1 մրցումներու հաշիւով:


