Երեւանի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի զինուորականներու ըմբշամարտի ախոյեանութեան մրցումները շարունակուեցան երէկ: 60 քկ կշիռի Յունահռոմէական ձեւի մրցումներուն Սուրէն Աղաճանեան շահեցաւ ոսկի մետալ` դառնալով աշխարհի ախոյեան:
Աւարտականին 3-3 արդիւնքով հաւասար մնալէ ետք, Սուրէն չնչին առաւելութեամբ շահեցաւ տիտղոսը Հիւսիսային Քորէայի իր մրցակիցին դիմաց:
Հայաստանի ներկայացուցիչ Հրաչեայ Պօղոսեան 63 քկ կշիռի մրցումներուն 8-0 արդիւնքով մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց քոլոմպիացի իր մրցակիցին վրայ` դառնալով պրոնզէ մետալակիր:
Աղջիկներու մրցումներուն, 53 քկ կշիռի ներկայացուցիչ Էլեն Բաբաջանեան 8-7 արդիւնքով յաղթեց Խըրխըզիստանի Օյունտարիին եւ շահեցաւ արծաթէ մետալ:
Այս կշիռի մրցումները տեղի ունեցած են խմբային դասաւորումով, ուր բոլոր ըմբիշները իրար դէմ մրցած էին, եւ վերջին արդիւնքը կէտերու դրութեամբ լուծուած էր:
Աւարտականի հասած են նաեւ 67 քկ կշիռի Գասպար Տէրտէրեան, ազատ ոճի ըմբիշներ Սարգիս Պեկոյեան (61 քկ) եւ Անդրանիկ Աւետիսեան (65 քկ):
Յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Աշոտ Խաչատրեան կը պայքարի պրոնզէ մետալի համար` 77 քկ կշիռի մրցումներուն:


