Այս շաբաթավերջին տեղի կ՛ունենայ «Ֆորմիւլա 1»-ի այս տարուան 22-րդ կրան փրին: Յառաջիկայ երկու շաբաթներուն ալ տեղի ունենալիք Քաթարի եւ Ապու Տապիի կրան փրիներով վերջ կը գտնեն այս տարուան մրցումները:
Վաղը առաւօտ տեղի կ՛ունենան զտումի մրցումները, ուր կը հաստատուին փոլ փոզիշընէն սկսող վարորդները, իսկ կիրակի առաւօտեան ժամը 8:00-ին, տեղի կ՛ունենայ կրան փրին:
Այս կրան փրին առաջին անգամ տեղի ունեցաւ անցեալ տարի, շրջավազքը ունի 6.201 քմ երկարութիւն, մրցանիշը կը պատկանի Օսքար Փիասթրիի («Մաքլարեն»), որ անցեալ տարի արձանագրած էր 1:35.490 վայրկեան ժամանակ:
Փոլ փոզիշընը շահած էր Շարլ Լըքլեր, մինչ կրան փրին շահած էր Մաքս Վերշթափըն: «Ֆորմիւլա 1» նախապէս 80-ականներու սկիզբը կազմակերպած էր 2 մրցումներ Վեկասի մէջ` «Սիզըրզ Փելես» շրջավազքին վրայ: Այժմու «Սթրիփ Սըրքըթ»-ը վտանգաւոր կը նկատուի, եւ շատ հաւանաբար ապահովութեան ինքնաշարժ օգտագործուի (սէյֆթի քար): Ըստ «Ֆորմիւլա 1»-ի համակիրներու կարծիքին, Մաքս Վերշթափըն կը նկատուի թիւ 1 թեկնածուն, մանաւանդ որ 62 կէտի առաւելութիւն ունի ամէնէն մօտ մրցակից Լանտօ Նորիսի վրայ:
Եթէ Վերշթափըն շահի այս կրան փրին, կը դառնայ աշխարհի ախոյեան 4-րդ անգամ ըլլալով, մինչ Նորիս պիտի փորձէ շահիլ` պահելու համար իր յոյսերը:


