Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կը Հաւատանք` Հայերը Լեռնային Ղարաբաղ Վերադառնալու Իրաւունք Ունին» Պաքուի Մէջ Կ՛ըսեն Ամերիկացի Ծերակուտականները

November 19, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկացի ծերակուտականներ Էտ Մարքի եւ Շելտըն Ուայթհաուս Պաքուի մէջ ՔՈՓ29-ի մամլոյ ասուլիսի ժամանակ, պատասխանելով ազրպէյճանցի լրագրողի հարցումին, սատարած են Հայաստանին եւ պաշտպանած արցախահայերու վերադարձի իրաւունքը:

«Մենք կը հաւատանք, որ քաղաքական բանտարկեալները պէտք է ազատ արձակուին, եւ կը հաւատանք, որ հայերը Լեռնային Ղարաբաղ վերադառնալու իրաւունք ունին», ըսած է Մարքի:

Մինչդեռ ծերակուտական Ուայթհաուս նշած է, որ ինք եւ իր գործընկերը կ՛աջակցին Հայաստանին:

«Մենք շատ կը ցաւինք, որ տեղի ունեցած է այդքան շատ հայերու տեղահանում: Ես, մեղմ ըսած, հեռու եմ այն համոզումէն, որ հայերը կատարուածին համար մեղաւոր են: Եւ ես չեմ ուզեր անդրադառնալ զիս հիւրընկալող երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու հարցերուն. եթէ նիւթը այդ ըլլար, ես այդքան ալ գովաբանող չէի ըլլար», նշած է Ուայթհաուս:

Մինչ այդ, ամերիկացի քոնկրեսական Ֆրենք Փալոն, որ ՔՈՓ29-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ ամերիկեան պատուիրակութեան կազմին մէջ հասած էր Պաքու, կիրակի երեկոյեան ընդհատած է այցելութիւնը եւ վերադարձած Միացեալ Նահանգներ: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով իր աղբիւրները:

Հանրապետական օրէնսդիրը Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի հիմնադիրն է, անցեալ տարիներուն այցելած է նաեւ Արցախ, հեղինակած է Արցախի աջակցութեան, Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու մասին շարք մը օրէնսդրական նախագիծեր:

«Թուրան» լրատու գործակալութեան համաձայն, շաբաթ օր Ազրպէյճանի նախագահը ընդունած է ամերիկացի քոնկրեսականներու պատուիրակութիւնը, սակայն Փալոնին չեն արտօնած այդ հանդիպումին ներկայ գտնուիլ:

Լրատուամիջոցը կը նշէ նաեւ, որ կիրակի օր խումբ մը իշխանամէտ հասարակական կազմակերպութիւններ բողոքի ցոյց կատարած են Պաքուի մէջ այն պանդոկին մօտ, ուր իջեւանած էր քոնկրեսականը` իշխանութիւններէն պահանջելով «պատասխանատուութեան ենթարկել» ամերիկացի քաղաքական գործիչը:

Հանրապետական քոնկրեսականը մինչեւ հիմա չէ մեկնաբանած այս տեղեկութիւնները: Փալոն շաբաթ օր միայն «Էքս»-ի վրայ գրած է, որ ՔՈՓ29 կենսոլորտային խորհրդաժողովին կը մասնակցի` պնդելու, որ «Միացեալ Նահանգները տակաւին կը պայքարին եւ պիտի չհրաժարին կենսոլորտի վատթարացող ճգնաժամին դէմ պայքարի իրենց պարտաւորութիւններէն»:

Միւս կողմէ, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսականներու պատուիրակութեան հետ հանդիպումի ընթացքին պնդած է, թէ Հայաստան կը վարէ ռազմականացման եւ սպառազինութիւններու մրցավազքի քաղաքականութիւն, որ վտանգ կը ներկայացնէ շրջանային խաղաղութեան ու անվտանգութեան համար:

Ալիեւ աւելցուցած է, որ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու համար կարեւոր է Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ վերջ դնել Ազրպէյճանի դէմ տարածքային պահանջներուն:

 

Նախորդը

Տըքոթինյի. «Ֆրանսան Ոչինչ Կը Մոռնայ Եւ Ոչինչ Պիտի Զիջի` Ո՛չ Արցախի Ժողովուրդի Վերադարձի Իրաւունքի, Ո՛չ Ալ Մշակութային Եւ Կրօնական Ժառանգութեան Պաշտպանութեան Հարցին Մէջ»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.