Եւրոպայի լաւագոյն 5 լիկաներուն գծով կան միայն երեք խումբեր, որոնք առաջին 10-12 հանգրուաններուն տակաւին պարտութիւն չեն կրած:
«Պունտըսլիկա»-ի առաջին 10 հանգրուաններէն ետք, Պայերն Միւնիխ միակ խումբն է, որ տակաւին պարտութիւն չէ կրած` յաղթելով իր 10 մրցումներէն 8-ն եւ հաւասարելով 2-ին:
Ֆրանսայի «Լիկ 1»-ի 11 հանգրուաններէն ետք, Փարիզ Սեն Ժերմեն միակ խումբն է, որ տակաւին պարտութիւն չէ կրած` յաղթելով իր 11 մրցումներէն 9-ն եւ հաւասարելով 2-ին:
Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի 12-րդ հանգրուանէն ետք, Եուվենթուս միակ խումբն է, որ պարտութիւն չէ կրած` յաղթելով 6 մրցումներ եւ հաւասարելով 6 մնացեալներուն:


