Հըզպալլայի հանրային կապերու պատասխանատու Մոհամետ Աֆիֆ «Սէյիտ Շուհատա» համալիրին մէջ Հըզպալլայի նահատակներու օրուան առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Մարտի դաշտի իրողութիւնները մեր մարտիկներուն ձեռքն են, եւ անոնց պիտի պատկանի վճռորոշ խօսքը»: Ան նաեւ նշեց. «Աւելի քան 40 օր արիւնալի կռիւէ ետք, թշնամին տակաւին անկարող է նոյնիսկ լիբանանեան մէկ գիւղ գրաւելու»:
«Մեր հրթիռներու պահեստի մեծ նուազումին մասին խօսքը պարզապէս սուտ է, եւ առաջնագիծին վրայ մեր ուժերը երկարատեւ պատերազմի համար բաւարար սպառազինութիւն ունին», ըսաւ ան:
Հըզպալլայի հանրային կապերու պատասխանատուն նշեց. «Ազգային բանակին հետ մեր յարաբերութիւնները ուժեղ եւ տոկուն էր ու պիտի մնայ, եւ մենք Բանակ-ժողովուրդ-Դիմադրութիւն եռամիասնութեան կը հաւատանք, եւ անոնց, որոնք բանակին դէմ կռուեցան ու անոր սպաները սպաննեցին կ՛ըսենք. «Դուք պիտի չկարենաք բանակին ու Դիմադրութեան կապը խզել»:
«Դիմադրութեան մարտի դաշտին մէջ նախաձեռնութեան տիրանալն ու ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմի ընտրութիւնը ցնցեց թշնամիները», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Մեր Դիմադրութիւնը, ժողովուրդն ու շրջանակը մէկ տարիէ ի վեր քաղաքական ու տեղեկատուական բազմապիսի եւ ծանօթ նպատակներով արշաւներու կ՛ենթարկուի»:
«Ներկայիս քաղաքական շարժումի մասին խօսակցութեան պատճառը մարտի դաշտին մէջ Դիմադրութեան հերոսներուն տոկունութիւնն է», յայտնեց Աֆիֆ:
«Թեհրանի, Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի միջեւ քաղաքական մեծ շարժում կայ, սակայն մեզի ոչինչ հասաւ, Լիբանանին զինադադարի հաստատման վերաբերեալ որոշակի որեւէ առաջարկ չհասաւ», յայտնեց Հըզպալլայի հանրային կապերու պատասխանատուն:
Ան նաեւ յայտնեց. «Աշխարհի տարածքին Իսրայէլի դէմ ցոյցերը կը փոխանցեն այն պատգամը, թէ Իսրայէլ մեկուսացուած է»:


