Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր յայտնեց. «Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատման բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց գոյութիւն ունի»:
«Կարգաւորման պատրաստ պիտի ըլլանք, եթէ Հըզպալլան մեր հիւսիսային սահմաններէն հեռու ըլլայ եւ Լիթանի գետէն անդին նահանջէ, եւ պատրաստ ենք Կազայի մէջ պատերազմը աւարտելու, երբ մեր նպատակները իրագործենք», նշեց իսրայէլեան դիւանագիտութեան պետը:
«Հըզպալլայի վերազինուելու անկարողութենէն եւ Իսրայէլին վտանգ չներկայացնելէն վստահ ըլլալը կենսական է Լիբանանի վերաբերեալ որեւէ դասաւորման յաջողութեան համար», ըսաւ Սահեր:
Ան նաեւ աւելցուց. «Ռուսիան Սուրիոյ մէջ ներկայ է եւ կրնայ Հըզպալլայի վերազինման դադրեցման նպաստել»:
«Գլխաւոր մարտահրաւէրը գործադրելն է այն, որուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է, նախ եւ առաջ ինչ կը վերաբերի Հըզպալլան մեր սահմաններէն հեռացնելը, անոր ուժերու վերակազմաւորումն ու անգամ մը եւս մեր վրայ յարձակում գործելը չարտօնելը», յայտնեց ան:
Սահեր շեշտեց. «Հըզպալլայի հետ պատերազմը տակաւին չաւարտեցաւ, մեր բանակը կը շարունակէ հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի ենթակառոյցի քայքայման աշխատանքը, եւ Հըզպալլան անոր ղեկավարներու թիրախաւորումէն ետք այլ կացութեան մէջ է»:
«Միջազգային ընտանիքը պէտք է իր դերը կատարէ` երաշխաւորելու Լիբանանի ապագան իբրեւ անկախ ու գերիշխան պետութիւն, եւ ոչ թէ իբրեւ Իրանի գործակատար», աւելցուց Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարը:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն յայտնեց, որ ամերիկեան վարչակազմը կը կարծէ, որ իսրայէլեան կառավարութիւնը կ՛ուզէ Լիբանանի վերաբերեալ կնքել գործարք մը, որ զինք կարող կը դարձնէ իր քաղաքացիները իրենց տուները վերադարձնել:
Սալիվըն Իսրայէլի ռազմավարական հարցերու նախարար Ռոն Տերմերի Ուաշինկթըն այցելութեան նախօրեակին աւելցուց, որ Իսրայէլ կ՛ուզէ հասնիլ համաձայնութեան մը, որ վերջ կու տայ Հըզպալայի հետ պատերազմին եւ իր տեղահանուած քաղաքացիներուն կ՛արտօնէ իրենց հողերն ու տուները վերադառնալ:
Ան նշեց, որ ինք կը նախատեսէ, որ «յառաջիկայ շաբաթներուն այդ ուղղութեամբ յառաջընթաց արձանագրուի»:


