«Այսօր կ՛ամբողջանայ չորրորդ տարին 9 նոյեմբեր 2020-ին Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու յայտարարութեան որդեգրման, որով կարելի դարձած է դադրեցնել զինուորական գործողութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ եւ հիմք դրուած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին», այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը:
«Հետագային 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեան կէտերը զարգացուած են 11 յունուար եւ 26 նոյեմբեր 2021-ի, ինչպէս նաեւ 31 հոկտեմբեր 2022-ի եռակողմ յայտարարութիւններուն մէջ:
«Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ բանակցութիւններու յաջող աւարտին համար Ռուսիան, ինչպէս նախապէս, պատրաստ է Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ 2020-2022 թուականներուն ձեռք բերուած եռակողմ համաձայնութիւններու հիմքով գործընկերային աջակցութիւն ցուցաբերել` այն ձեւով եւ ծաւալով, որոնք պահանջուած պիտի ըլլան բանակցող երկու կողմերէն», նշուած է յայտարարութեան մէջ:


